image

Հալէպ. սուրիական բանակը իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմավարական կարեւոր շրջաններ

Հալէպ. սուրիական բանակը  իր   տիրապետութեան տակ  առաւ ռազմավարական  կարեւոր շրջաններ

Հալէպ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Սուրիական բանակը վերականգնած է իր վերահսկողութիւնը երկրի հիւսիսը գտնուող Հալէպի Ալ-Իսս քաղաքի եւ անոր շրաջապատող ռազմավարական դիրք ունեցող բլուրներուն վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», որ նաեւ կը նշէ, թէ պետական ուժերը եւ համակիր զինեալները նշեալ շրջանին վրայ յարձակում իրագործելէ ետք, կրցած են վերականգնել իրենց վերահսկողութիւնը Ալ-Իսս քաղաքի եւ երեք բլուրներուն  վրայ, որ գրաւուած էր «Ալ-Նուսրա»ի եւ այլ իսլամական ​​խմբակցութիւններու կողմէ իրագործուած յարձակման արդիւնքով: «Ժատիտ» կը նշէ, որ բախումներուն հետ մէկտեղ կողմերու միջեւ տեղի ունեցած է փոխադարձ ծանր ռմբակոծում եւ ռազմական օդանաւերով եւ ուղղաթիռներով օդային ծանր  գրոհներ: Մարտերու հետեւանքով պետական ուժերու եւ համակիր զինեալներու շարքերէն  12 անձեր եւ առնուազն 20  ահաբեկիչներ  «Ալ-Նուսրա»ի եւ իսլամական խմբակցութիւններու անդամներէն սպաննուած են: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս շրջանը կարեւոր կը  համարուի, որովհետեւ կը վերահսկէ Հալէպի հարաւային արուարձանի եւ Հալէպ–Դամասկոս միջազգային ճանապարհի հատուածը: