image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ կը պատրաստուի Տեղական ինքնակառվարման ընտրութիւններու

Հալէպ կը պատրաստուի  Տեղական ինքնակառվարման ընտրութիւններու

Հալէպ  կը պատրաստուի     ընտրութիւններու։  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։  Մեր աղբիւրին    հաղորդմամբ  ընտրութիւնները   պիտի կայացուին   յառաջիկայ կիրակի   օր ՝   16 սեպտեմբերին։

 

  Հալէպի ընտրութիւններուն   քաղաքացիները    պիտի ընտրեն  երկու   խորհուրդներ ՝ նահանգային եւ քաղաքային։

 

 Մինչ  նահանգային խորհուրդը    կը բաղկանայ   100 աթոռներէ, անդին    քաղաքային   խորհուրդին մաս կը կազմեն 50     ներկայացուցիչներ։

 

   Սուրիոյ  մէջ  կայացուող  ՏԻՄ ընտրութիւններուն  հաշուի  չեն առնուիր  համայքային ներկայացուցչութիւնները   եւ   ընտրութիւնները կը կայացուին  կուսակցական   ընտրացուցակներով։

 

 Ինչպէս     նախապատերազմեան      շրջանին այս փուլին եւս  ընտրութիւններուն համար  երկու  հիմնական ցուցակները կը գլխաւորեն իշխող ՊԱԱՍ եւ     Սուրիոյ   երկրորդ   հիմնական կուսակցութիւն  համարուող  ՂՈՎՄԻ  կուսակցութիւնը։

 

 Նշենք նաեւ, որ այս  ընտրութիւններուն, ինչպէս  աւելի վաղ   տեղի ունեցած  խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը  կը  բերեն  հայ թեկնածուներ,  որոնց մասին յաւելեալ  տեղեկութիւններ  պիտի   փոխանցենք  աւելի ուշ։