image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ իր ամէնէն ծանր օրերը կ'ապրի. Շահէ Մինասեան

Հալէպ իր  ամէնէն  ծանր օրերը  կ'ապրի. Շահէ Մինասեան

Հալէպ  իր ամէնէն ծանր օրերը  կ'ապրի»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Հալէպի ՍԴՀԿ  Վարիչ Մարմնի անդամ  Շահէ  Մինասեան: Մինասեան, որ նոյնպէս անդամ է   «Հալէպի  շտապ օգնութեան գործադիր մարմին»ին, յոյս յայտնեց, որ տիրող   ծանր կացութիւնը  կտրուկ կերպով կը բարելաւուի  եւ  շրջանին  դարձեալ խաղաղութիւն կը տիրէ:  Մինասեան, որ նշեց խաղաղ շրջաններու ուղղութեամբ ահաբեկիչ զինեալներուն կատարած հրթիռարձակումներուն պատճառները ըսաւ, որ Սուրիոյ բանակը այսօրուան  դրութեամբ   յաջողած է պաշարման օղակի տակ առնել   զանոնք ու  փակել անոնց համար հիմնական  համարուող «Գասթէլո»ի  ճանապարհը:  Ըստ Մինասեանի,  Սուրիոյ բանակը  ամէն  գնով պիտի փորձէ  զինեալներ անձնատուր  դարձնել եւ յոյս   յայտնեց, որ  զինեալները կը յանձնուին  երկրի օրինական բանակին:  Մինասեան նաեւ պատմեց, որ  Հալէպի «Շտապ օգնութեան  մարմին»ը  կը շարունակէ իր գործուէնութիւնը եւ իրենց համար ամէնէն հիմնական  խնդիրը  ծանր վիճակներուն հետեւանքով   վնասներ կրած ընտանիքներուն օգնութեան ձեռք երկարելն է.: «Հայկական թաղամասերն ալ զերծ չեն  այս  ընդհանուր տագնապալի դրութիւնէն եւ վերջին  օրերուն  պատահած հրթիռարձակումներէն ետք  կան  վիրաւորներ, սակայն մահուան  պարագաներ չեն արձանագրուած (նշենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ յայտնած էր Սուրիոյ բանակի զինծառայող    Փանոս Աղազարեանի  մահուան  մասին): «Մեր համայնքի անդամներուն մօտ ալ  կիսախուճապային վիճակ մը կը տիրէ, սակայն  բոլորս  կը գիտակցինք, որ  յառաջիկայ օրերը  աւելի լաւ պիտի  ըլլան մեր գաղութին համար»: Ըստ Շահէ Մինասեանի,   եթէ իրավիճակը   դէպի կայունացում երթայ, ապա առաջին հերթին  առաժամաբար Սուրիոյ  տարբեր շրջաններ  հաստատուած հալէպահայերը կրկին իրենց օճախը կը վերադառնան: Հնչակեան գործիչը նկատել տուաւ, որ իրենց համար ներկայ հանգրուանին ամէնէն առաջնային խնդիրը  առողջական խնդիրներ ունեցող համայնքի զաւակներուն անհրաժեշտ օգնութիւն ցոյց  տալն է, ինչպէս նաեւ  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով տուժած  բնակարաններ ունեցող  հայրենակիցներուն հարցերուն  լուծումը: «Մեր փափաքն է, որ Հալէպէն հեռացած  մեր բոլոր հարազատները   վերադառնան ու այդ  մէկը  կրնայ իրականացուիլ միայն այս ծանր իրավիճակին աւարտէն ետք»,-եզրափակեց Շահէ  Մինասեան: