Սուրիա- Սուրիոյ ազգային բանակը յաջողած է ընդդիմադիր զինեալները ետ մղել Հալէպի «Մայսալուն» շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ iNews Ֆէյսպուքեան էջը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ գրոհը տեղի ունեցած է «Աղյուր» ճակատային կէտին ուղղութեամբ: Կը հաղորդուի նաեւ , որ հրթիռներ ինկած են Սալահ Էլ Տին թաղամասին վրայ: