Անցեալ գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 75 անգամ, որու ընթացքին տարբեր զինատեսակներէ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 2000 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ սահմանի հարաւային եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններով թշնամին կիրառած է նաեւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (12 արկ), իսկ Մարտունիի պաշտպանական հատուածէն ներս` ականանետ (6 արկ):