image

«Գունաւոր յեղափոխութիւն»ները...ճանապարհ են դէպի դժոխք. Վ.Փութին

«Գունաւոր յեղափոխութիւն»ները...ճանապարհ են դէպի դժոխք. Վ.Փութին

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յոյս յայտնած է, որ Պելառուսիոյ ժողովուրդը քաղաքական հասունութիւն կ'ունենայ ներքաղաքական երկխօսութիւն սկսելու եւ առանց ճնշման եւ արտաքին միջամտութեան՝ ներքին հարցերը լուծելու համար:

«Յոյսով եմ՝ Պելառուսիոյ ժողովուրդը քաղաքական հասունութիւն կ'ունենայ հանգիստ, առանց կտրուկ գործողութիւններու քաղաքական բոլոր ուժերու հետ ներքաղաքական երկխօսութիւն սկսելու, առանց ճնշման եւ արտաքին միջամտութեան: Անկասկած, այդ կը յաջողի՝ հաշուի առնելով Պելառուսիոյ նախագահի քաղաքական փորձը»,-ըսած է Փութինը ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ժամանակ, որ կայացած է տեսահամաժողովի ձեւաչափով:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ «պէտք է ի վերջոյ ժողովուրդներուն հնարաւորութիւն տալ ինքնուրոյն լուծելու խնդիրները», եւ որպէս բացասական օրինակ նշած է այսպէս կոչուած «արաբական գարունը» եւ այլ գունաւոր յեղափոխութիւններ: «Մենք տեսանք՝ ինչի յանգեցուցին գունաւոր յեղափոխութիւնները, անոնք միշտ կը բացատրուին լաւագոյն մտադրութիւններով: Ինչպէս յայտնի է, լաւ մտադրութիւններով ճանապարհ կը հարթուի դէպի դժոխք»,-ըսած է Փութինը: