Ղըպտիներու Թէոտորոս երկրորդ Պապը առողջական լուրջ խնդիրներ ունի: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ CNN Arabic կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պապը բուժման նպատակով մեկնած է Աւստրիա: Պապին հիւանդութեան մասին այլ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Նշենք, որ շուրջ 10 Միլիոն հաշուող Ղըպտի եկեղեցւոյ Պապը անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով այցելած էր Հայաստան եւ մասնակցութիւն բերած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն: Ղըպտի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիները կը համարուին քոյր եկեղեցիներ: