Գերմանիա- («Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Գերմանիոյ քրէական ոստիկանութիւնը ձեռք ձգած է «Տահէշ»ին պատկանող փաստաթուղթեր, որոնք կը պարունակեն տեղեկութիւններ Գերմանիոյ այն քաղաքացիներու մասին, որոնք ներգրաւուած են այս կազմակերպութեան մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ ոստիկանական աղբիւրը յայտնած է, թէ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այդ փաստաթուղթերը իսկական ըլլան, եւ անոնք պիտի օգտագործուին հետապնդելու համար քրէական կասկածեալները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկելու անհրաժեշտ միջոցներ, կանխելու համար վտանգները: Սակայն աղբիւրը չէ նշած, թէ ոստիկանութիւնը ինչ միջոցներով կրցած էր ձեռք բերել փաստաթուղթերը: «Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ Գերմանիոյ քաղաքացիներէն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»ին միացած եւ ապա իրենց երկիրը վերադարձածներուն թիւը հասած է շուրջ 260-ի, որոնք մինչեւ օրս քրէօրէն հետապնդուած չէին, ապացուցող փաստերու պակասի պատճառով:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Տահէշ» մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ իր հաւաքագրած խումբի անդամներու կարողութիւններուն եւ մասնագիտութիւններուն: Օրինակի համար, երբ Միւնէխէն ուսանող մը պիտի միանար ահաբեկիչներուն, անոր թղթածրարին վրայ գրած էին՝ «Կարեւոր. ունի արժէքաւոր տեղեկութիւններ քիմիագիտութեան ոլորտին մէջ»: