image

Գանատահայ երեխաները յարգած են «Արփի» մանակմսուրի հիմնադիր՝ Արփի Մերասի յիշատակը

Գանատահայ երեխաները յարգած են «Արփի» մանակմսուրի հիմնադիր՝ Արփի Մերասի յիշատակը

 Գանատայի Թորոնթօ նահանգի մէջ գործող «Արփի» մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը այս տարի նախորդներէն կը տարբերէր այն հանգամանքով, որ առաջին անգամ ըլլալով անոր հիմնադիր Արփի Մերասը ներկայ չեղաւ այդ հանդիսութեան: Այս մասին «Արեւելք»ին կը փոխանցեց Թորոնթոյի մեր աղբիւրը:

Հանդէսին մասնակից երեխաները միջոցառումը նուիրած են իրենց   համար   սիրելի  Տիկին  Արփիին յիշատակի, «Այսօրուայ մեր հանդէսը կը նուիրենք մեր սիրելիի Արփիին, Արփի Մերասին: Արփի մենք քեզ շատ կը սիրենք, դուն միշտ մեզ հետ ես» ,-մեկնարկին միաձայն արտասանած են երեխաները:

Ինչպէս կը փոխանցէ մեր աղբիւրը, հոն «Արփի» կը յա­ճա­խե­ն հայ եւ օ­տար ե­րե­խա­ներ։ Արփի Մերաս կարեւոր համարելով հայապահպանութեան գործը, իր հիմնարկէն ներս հայ երեխաներու առանձին դասարան բացած էր, որոնց ուսուցիչները եւս հայեր էին, այդպիսով, լե­զո­ւա­կան, մարմ­նա­յին կա­րո­ղու­թիւն­ներու, ճկու­նու­թեան, խնամքի ու գուր­գու­րանքի կողքին, հայ երեխաները կը սորվին, կ'երգեն ու կ'աղօոթեն հայերէն:

Բացի այդ, մօ­տա­կայ դպրոց­նե­րու հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար եւս Ար­փին հիմնած էր ու­սում­նա­րան, ուր հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն կը տրուի՝ եր­գի, պա­րի, ա­րո­ւես­տի եւ հա­յե­րէն լե­զո­ւի մի­ջո­ցաւ։

Գաղտնիք չէ, որ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով վերջին տարիներուն մեծ թիւով սուրիահայեր Թորոնթօ հաստատուեցան: Մեր աղբիւը նշեց, որ Արփի Մերասի հաստատութիւնը առաւելութիւն մը եղաւ սուրիահայերու պարագային եւս, որովհետեւ  ի տարբերութիւն հայկական կեդրոնի դպրոցին, որու կրթաթոշակը բաւական սուղ է, «Արփի»ն ուղղակի կառավարութեան հետ կապուած հիմնարկ է եւ հետեւաբար՝ երեխաներու կրթութեան ապահովման պետական նպաստէն օգտուող սուրիահայ ընտանիքները, որպէս պետական հիմնարկ իրենց երեխան Արփի ուղարկելով միաժամանակ հայկական միջավայրով ապահոված կ'ըլլային:

2018-ի ամավերջի հանդէսի բացման ի ուրախութիւն գանատահայ ծնողներուն, յայտարարուած է, որ Արփի Մերասի զաւակները Սարօ եւ Սուրէն Մերսները, որոնք կը վարեն հիմնարկի տնօրինութիւնը, հաւաստիացուցած են, որ «Արփի մանկապարտէզը եղեր է, կայ եւ միշտ պիտի ըլլայ»,  կը մնայ միայն շարունակել այդ գործը,- նշեց «Արեւելք»ի աղբիւրը:

Նշենք, որ «Արփի» մանկամսուր-մանկապարտէզը Թորոնթոյի մէջ հիմնուած է 1974-ին Արփի Մերասի նախաձեռնութեամբ եւ դարձած է  Գանատայի հեղինակաւոր կրթօճախներէն մէկը, ուր սորված են տարբեր ազգութիւններէ հազարաւոր երեխաներ, որոնց կողքին նաեւ հայեր:

Գանատահայ բարերար Արփի Մերաս նաեւ 1988 թուականի երկրաշարժի օրերուն, տուժած խումբ մը երեխաներ տեղափոխած էր Գանատա, ուր անոնք բժշկական օգնութիւն եւ ուսում ստացած էին։