Գանատա-(CP24 կայքէջ)-Գանատա ժամանող փախստականներուն տուն գտնելու օգնող կամաւորները յայտնած են, որ տեղացի տանտէրներ կը մերժեն փախստական ընտանիքներուն իրենց բնակարանները վարձակալութեան տալ: Անոնք կը պահանջեն աշխատանքի թուղթ , դրամատան հաշիւ կամ վարկագիր: Այս մասին գրող CP24 կայքը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ տանտէրները փախստականներէն եւ իրենց հովանաւորներէն պահանջած են վեց, ութ կամ տասներկու ամսուայ վարձի կանխավճար, որ Օնթարիոյի վարձակալական կանոնակարգին դէմ է: Իսկ երբ հովանաւորները յանձն առած են իրենց անունով ստորագրել վարձակալական պայմանագիրը, տանտէրները այս անգամ ուզած են գիտնալ անոնց դրամատնային հաշիւի տուեալները: Թորոնթոյի հայկական համայնքի կեդրոնէն ներս Չորեքշաբթի օր Անժէլիք Աստուրեան-Քիրիճեանը յայտնած է, որ մասնաւոր հովանաւորուած փախստականները կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող փախստականներուն նման ամսական վճարումներ չեն ստանար կառավարութենէն եւ միայն հովանաւոր խումբերը պատասխանատու են աջակցելու անոնց: Փախստակաները ներկայիս կը մնան Թորոնթոյի East Radisson հիւրանոցը, որ զեղջեր առաջարկած է փախստականներուն եւ անոնց հովանաւորներուն: Ներգաղթի նախարար Ճոն Մաքքալում յայտնած է, որ նախորդող օրերուն Թորոնթօ կամ Մոնթրէալ հասած հարիւրաւոր փախստականներու մեծ մասը մասնաւոր հովանաւորութեամբ փախստականներ են: 11 Դեկտեմբերին հանրային գործիչներ եւ կառավարական սպասարկողներ 21 Դեկտեմբերէն էն մինչեւ 31 Մարտ 2016-ը ապահոված են 300 սենեակ Թորոնթոյի հիւրանոցին մէջ, եւ 300 հատ ալ՝ Մոնթրէալի մէջ, հիւրընկալելու համար 600 փախստական The National Post-ը հաղորդած է, որ այս սենեակները դաշնային կառավարութեան պիտի արժեն մօտաւոր 80 միլիոն գանատական տոլար: Ցարդ յայտնի չէ, եթէ այդ սենեակները կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել որպէս տուն մասնաւոր հովանաւորութեամբ փախստականներուն կողմէ: