Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ` Հայր Տահիյա Ազիզ`Սուրիոյ Եաքուպիէ շրջանի ժողովրդապետը, որ անցեալ 23 դեկտեմբերին առեւանգուած էր ծայրայեղ խմբաւորումներու կողմէ, ազատ արձակուած է։ Այս մասին լուրը հաղորդեց Վատիկանի մէկ բանբերը: Աղբիւրը նաեւ յայտնեց,որ Հայր Ազիզ կը գտնուի քաջառողջ վիճակի մը մէջ: Վարդապետը, որ գոհունակութիւն յայտնած է իր ազատ արձակման համար յայտնած է, որ ազատ կ'արձակուին նաեւ առեւանգուած միւս բոլոր կղերականները որոնց շարքին է նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմին անդամ կուսակրօն Քահանայ Հայր Միքայէլ Քայալ։ Հայր Տհիյա Ազիզ ծնած է Մոսուլի մէջ` 10 Յունուար 1974-ին։ Կրօնական ծառայութեան ուխտերը կատարած է 2002-ի ապրիլ մէկին ու ապա լծուած ՝Միջին Արեւելքի երկիներու մէջ ծառայութեան։ Նշենք, որ Հայր Քայալէն զատ Ապրիլ 2013-էն ի վեր առեւնագուած կը մնան Պուլոս Եազըճի եւ Եոհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները: