Միջազգային անվտանգութեան ոլորտի մէջ յատուկ մետիա չափանիշներու հետաօտութիւններու կեդրոնի փորձագէտ Իկոր Նիքոլայչուքը մեկնաբանած է Ռուսաստանի դաշնակիցներ Հայաստանի եւ Պելառուսիայի փոխյարաբերութիւնները ՆԱԹՕ-ի հետ:
Փորձագէտի խօսքով՝ Հայաստանի եւ Պելառուսիայի համագործակցութիւնը Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի հետ նշանակալի դեր չի խաղար:
«Պելառուսիան ու Հայաստանը մեր ռազմավարական դաշնակիցներն են: Մենք այնտեղ հսկայական զօրակայաններ ունինք: Անվտանգութեան ընդհանուր համակարգ է: Ի՞նչ ՆԱԹՕ կրնայ այնտեղ ըլլալ:
Մենք ստորագրած ենք բոլոր փաստաթուղթերուն տակ, որ եթէ ինչ-որ մէկը կորիզային ռումբ նետէ Հայաստանի վրայ, մենք նոյն պահուն մեր կորիզային ռումբերը կը նետենք յարձակողին վրայ: Եթէ յայտնուին ահաբեկիչներ, մենք ունինք ՀԱՊԿ: Միասին կը պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ»:
Նշենք , որ ռուս քաղաքագէտ՝ Իկոր Նիքոլայչուքը այս գաղափարները յայտնած է pravda.ru պարբերականին իր տուած հարցազրոյցի ընթացքին: