image

Եթէ Հայաստանի վրայ որեւէ մէկը կորիզային ռումբ նետէ, մենք կը հակադարձենք. Ռուս քաղաքագէտ

Եթէ Հայաստանի վրայ որեւէ մէկը կորիզային ռումբ նետէ, մենք կը հակադարձենք. Ռուս քաղաքագէտ

Միջազգային անվտանգութեան ոլորտի մէջ յատուկ մետիա չափանիշներու հետաօտութիւններու կեդրոնի փորձագէտ Իկոր Նիքոլայչուքը մեկնաբանած է Ռուսաստանի դաշնակիցներ Հայաստանի եւ Պելառուսիայի փոխյարաբերութիւնները ՆԱԹՕ-ի հետ:

Փորձագէտի խօսքով՝ Հայաստանի եւ Պելառուսիայի համագործակցութիւնը Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի հետ նշանակալի դեր չի խաղար:

«Պելառուսիան ու Հայաստանը մեր ռազմավարական դաշնակիցներն են: Մենք այնտեղ հսկայական զօրակայաններ ունինք: Անվտանգութեան ընդհանուր համակարգ է: Ի՞նչ ՆԱԹՕ կրնայ այնտեղ ըլլալ:

Մենք ստորագրած ենք բոլոր փաստաթուղթերուն տակ, որ եթէ ինչ-որ մէկը կորիզային ռումբ նետէ Հայաստանի վրայ, մենք նոյն պահուն մեր կորիզային ռումբերը կը նետենք յարձակողին վրայ: Եթէ յայտնուին ահաբեկիչներ, մենք ունինք ՀԱՊԿ: Միասին կը պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ»:

Նշենք , որ  ռուս քաղաքագէտ՝ Իկոր Նիքոլայչուքը այս գաղափարները յայտնած է pravda.ru պարբերականին իր տուած հարցազրոյցի ընթացքին: