image

«Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, այդ կը նշանակէ ծանր փուլը անցած ենք» Փաշինեան կարեւոր դիտարկում կատարեց «Քորոնա» վարակի դրութեան մասին

«Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, այդ կը նշանակէ ծանր փուլը անցած ենք» Փաշինեան կարեւոր դիտարկում կատարեց «Քորոնա» վարակի  դրութեան մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու հաստատուած դէպքերու վիճակագրութեան։ 

 Վարչապետը «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին կատարած գրառմամբ նշած է, որ կը պահպանուի զգուշաւոր լաւատեսութիւնը․

«Այսօր ունինք «Քորոնա» ժահրի 28 նոր դէպք՝ 311 քննութենէն: Առողջացմամբ դուրս գրուած է 27 քաղաքացի: Բուժուածներու ընդհանուր թիւը 114 է, հիւանդանոց գտնուողներունը՝ 758: Հիւանդներու մօտ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի:

Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը պահպանենք: Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ՝ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք եւ գագաթնակէտը եղած է 31 մարտին», - գրած է ՀՀ վարչապետը: