image

«Ես յոյս ունիմ, որ այս մեծ փոթորիկէն ետք Լիբանանը ապահով ափ պիտի հասնի...» Համբիկ Թորոսեան

«Ես  յոյս ունիմ, որ այս   մեծ փոթորիկէն  ետք  Լիբանանը   ապահով ափ   պիտի հասնի...» Համբիկ Թորոսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ  համայնքային գործիչ՝ Համբիկ Թորոսեան.

 

-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը  Պէյրութի մէջ: Այսօր  ի՞նչ են  դժուարութիւնները։


Պէյրութի մէջ մեծամասնութիւնը մտահոգող դժուարութիւններէն մէկը եւ գլխաւոր հիմնահարցը տնտեսական տագնապն է, իսկ ամէնէն առաջնային պահանջը , որուն  համար  երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդը  իջած են  փողոց՝ երկար տարիներ աւատապետութեամբ եւ իրարայաջորդ կառավարութիւններով իրենց ներկայութիւնը պահած, պիւտճէն թալանած, քաղաքական ղեկավարութիւնը արմատախիլ ընել ու դուրս շպրտելն է:  

Բացի տնտեսութենէն, մտահոգիչ է նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան ուշացումը, որովհետեւ որքան ուշանայ, այդքան եկող օրերուն տնտեսական տագնապը աւելի պիտի մեծնայ. այսօր շատ մը վաճառատուներ կը փակուին, մեծ հաստատութիւններ իրենց պաշտօնեաները գործէ կը հանեն, կամ կէս օրուայ դրութեամբ կ'աշխատցնեն, գործազրկութեան շատ մեծ թիւ մը կայ, եւ  դրամատնային  համակարգը  սկսած է կաղալ ու այդ  պատճառով մարդոց ձեռքը կանխիկ դրամ չկայ:

 

-Այսօր  ընթացող  բողոքի  ցոյցերը եւ ցոյցերը իրականացնող երիտասարդներն ու քաղաքացիները  պիտի կարողանա՞ն դրական լուծում մը բերել  երկրի  ընկերային-տնտեսական  հարցերուն։


Մէկ բան շատ յստակ է, որ երիտասարդները , լիբանանցի ժողովուրդը արթնցած է իր թմբիրէն, թէպէտ ուշ է, բայց կարեւորը արթննալն  ու գիտակցիլն է: Անոնք համայնքային, դաւանանքային բոլոր անցարգելները շրջաններուն մէջէն հանած են եւ միացած ու համախմբուած են լիբանանեան դրօշի ներքոյ։ Անոնք  այսօր ղեկավար մը չունին, որուն կը հետեւին, իրենցմէ ամէն մէկը ղեկավար եղած է, իրենք կը ղեկավարեն ցոյցերը: Անշուշտ,  պիտի ըլլան կողմեր, որոնք  կը հովանաւորեն ցոյցերը, բայց ինչ որ կ'երեւի գետնի վրայ, այս անգամ երիտասարդ մասնագէտներէ կազմուած շրջանային ղեկավարներ  կան, որոնք հետապնդող, քաջ, խիզախ երիտասարդներ են, ոչ փամփուշտէն  կը վախնան, ոչ ճնշումներէն, եւ անոնց յաջողութեան հիմնական պատճառը պահանջատէր  եւ վճռական  ըլլալնին է։

Անշուշտ  կան դժուարութիւններ , խոչընդոտներ, որոնք են հատուածական շահերու ղեկավարները, բայց եթէ երիտասարդութիւնը իր ընտրած մէկ թիրախը՝ գողութիւնը, փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, եւ «բոլորը, այսինքն բոորը» ուղղութիւնը պահէ վստահ եմ, որ արդիւնքի պիտի հասնին:  Անշուշտ ժամանակ կ'ուզէ, դիւրին պիտի չըլլայ,  ուրիշ  նահատակներ   ալ    կրնան իյնալ, բայց  իմ նման  շատեր  կը հաւատամ, որ սուրբեր ծնած Լիբանանը, այդ սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ աղօթքներու շնորհիւ պիտի դիմագրաւէ այս դժուարին օրերն ալ։

 

-Շատեր կ'ըսեն, թէ  վախ կայ, որ արտաքին  ուժեր կամ «խաղացողներ» առիթը օգտագործելով պիտի փորձեն միջամուխ ըլլալ Լիբանանի ներքին հարցերուն։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով։


Անշուշտ, որ վախեր կան արտաքին ուժերու կողմէ, որոնք պիտի շահագործեն այս կացութիւնը, եւ արդէն յստակ է անոնց յայտարարութիւններէն: Առաջինը ԱՄՆ-ն է, որ իր պահանջները ունի, որն է՝ «Հըզպալլա»ն հեռացնել քաղաքական թատերաբեմէն եւ ճնշումներ բանեցնել   այդ կուսակցութեան վրայ  տկարացնէ   հաւանաբար գործածել   երկրին  մէջ   տիրող  վիճակն ու տնտեսական  ճգնաժամը. երկրորդ կարեւոր կողմը Եւրոպան է, որ տնտեսական օգնութեան վարկեր տալով, պայմաններ կը դնէ, 7 միլիառ տոլարի դիմաց կ'ուզէ Եւրոպայի վտանգաւոր, թունաւոր աղբի թափօնները Լիբանան ղրկել...։   Երրորդը՝ Իրանն է, որ կ'ուզէ իր հեղինակութիւնը   պահպանել    եւ  իր պաշտպանութեան գիծը սկսիլ Լիբանանէն, անցնի Սուրիայով, Իրաքով, Եէմէնով: Այս բոլոր ուժերու՝ Ամերիկայի, Ռուսաստանի, Եւրոպայի եւ   Իրանը բախման կեդրոնը, հաշիւներու մաքրագործման վայրը դժբախտաբար  եղած է Լիբանանը ու շատ հաւանական է, որ այս պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացողներ շատ ըլլան:

 

-Հայկական  թաղամասերուն մէջ ինչպիսի՞ն է վիճակը եւ առհասարակ  լիբանանահայութեան  համար ի՞նչ  են այսօր առկայ  դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։


Անշուշտ նոյն մարտահրաւէրները, բոլոր լիբանանցիներուն հետ, մենք ալ կը դիմագրաւենք, որուն հիմնականը, ինչպէս ըսի, նիւթական  տագնապն է:  

 

-Հայկական  գաղութը  պիտի կարողանա՞յ դիմանալ Լիբանանը հարուածող տագնապի՞ն։


Հայկական գաղութը երեսուն տարի դիմացաւ, ճիշդ է, որ հիմա աւելի տկարացած ենք, թիւով ալ ուժ չենք ներկայացներ, սակայն հայը միշտ տոկուն եղած է, միշտ դժուարութիւնները դիմակայած է, եւ այդ բոլորը հաւատքով, յոյսով եւ վստահութեամբ: Այսօր եւս մենք յոյսերնիս կտրած չենք, եւ կը հաւատանք, որ մինչեւ հիմա մեզի պահող  Տէր Աստուածը կարող է եկող օրերուն  ալ մեզի պահել, Տէրը խոստում ունի, կարեւորը մենք վստահինք իրեն եւ հաւատանք:

Այս է ընդհանուր իրավիճակը, ամէն բան սպասելի է, քանի որ պղտոր վիճակ է, մէկ վայրկեանէն միւսը շատ բան կրնայ փոխուիլ, եւ իրավիճակը   յղի է ամէն տեսակի անակնկալներով:

 

-Լիբանանցի ժողովուրդին որպէս վերջին խօսքը ի՞նչ կ'ուզէք ըսել:


Լիբանանցիներուն հետեւեալ կարգախօսը կ'ուզեմ յիշեցնել՝ նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար: Եւ ես մեծ յոյս ունիմ եւ լաւատես եմ, որ այս փոթորիկներէն ետք, այս սեւ ամպէն ետք լուսաշող արշալոյս մը պիտ բացուի Լիբանանի երկնակամարին վրայ:

Վառվռուն, գործնական, մաքուր, պարկեշտ երիտասարդներու նոր վարչակարգ մը պիտի ստեղծուի եւ հին դասակարգը բանտեռուն մէջ իրենց դատաստանը պիտի կրեն եւ դրամները պիտի վերադարձուին: Ես յոյսով եմ, անշուշտ կը սպասուին սեւ, մութ օրեր, բայց ամէն փոթորիկէ ետք խաղաղ ծովափ մը կայ մեր առջեւ: