Երէկ գիշեր Նէվէթ Թցուֆ (արեւմտեան ափ) շրջանին մէջ երեք իսրայէլացիներ դաշունահարութեան զոհ գացած են: Այս մասին լուրը փոխանցեց BBC կայանը:
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլեան ապահովական մարմիններ կրակ բացած են յարձակումը գործողներուն դէմ, բայց վերջիններուն ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:
Նշենք, որ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս, հակազդելով իսրայէլեան մարմիններու կողմէ բանեցուած ճնշումներուն յայտարարած էր, որ իրենք կը խզեն բոլոր տեսակի բանակցութիւնները Իսրայէլի հետ:
Երէկ նոյնպէս ծանր օր մը եղած էր Երուսաղէմի տարբեր հատուածներուն ու յատկապէս «Ալ Աքսա» մզկիթ տանող ճանապարհներուն վրայ:
Իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինցիներու միջեւ եղած բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուած էին տասնեակ ցուցարարներ:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը վերջին շրջանին որոշած է աւելի եւս խստացնել իր վերահսկողութիւնը հին Երուսաղէմի թաղամասերուն մէջ: Կառավարութիւնը որոշած է ելեքդրոնային դռներ տեղադրել եւ այդպիսով պաղեստինցիներու ելք ու մուտքը ամբողջական վերհսկողութեան տակ պահել: