image

Երուսաղէմի մէջ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի

Երուսաղէմի մէջ լարուած  իրավիճակը կը շարունակուի

Երէկ  գիշեր   Նէվէթ  Թցուֆ   (արեւմտեան  ափ) շրջանին մէջ երեք  իսրայէլացիներ  դաշունահարութեան    զոհ    գացած են:  Այս մասին լուրը փոխանցեց   BBC   կայանը:

Աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց, որ  իսրայէլեան ապահովական  մարմիններ կրակ  բացած են    յարձակումը գործողներուն դէմ, բայց  վերջիններուն  ճակատագիրը կը մնայ  անյայտ:

Նշենք, որ  Պաղեստինի  նախագահ Մահմուտ Ապպաս,   հակազդելով իսրայէլեան մարմիններու    կողմէ     բանեցուած  ճնշումներուն     յայտարարած էր, որ  իրենք կը խզեն   բոլոր տեսակի բանակցութիւնները  Իսրայէլի հետ:

Երէկ  նոյնպէս ծանր օր մը եղած էր Երուսաղէմի տարբեր հատուածներուն  ու յատկապէս  «Ալ Աքսա»  մզկիթ  տանող   ճանապարհներուն վրայ:

Իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինցիներու միջեւ եղած  բախումներուն  հետեւանքով վիրաւորուած էին տասնեակ   ցուցարարներ:

Յիշեցնենք, որ    Իսրայէլի կառավարութիւնը վերջին  շրջանին   որոշած է  աւելի եւս խստացնել     իր վերահսկողութիւնը    հին Երուսաղէմի   թաղամասերուն  մէջ: Կառավարութիւնը    որոշած է ելեքդրոնային դռներ  տեղադրել եւ  այդպիսով    պաղեստինցիներու ելք ու մուտքը   ամբողջական վերհսկողութեան տակ  պահել: