«Թուրքիա՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի նախագահութեամբ, վերակենդանացնելով մահապատիժի օրէնքը եւ վերջին ամիսներուն իրականացուցած «մաքրման արշաւներ»ով ամէն օր կ’ոտնակոխէ Եւրամիութեան արժէքները» այսօր այսպէս յայտարարած է Լիւքսէմպուրկի վարչապետ Խավիէ Փիթըլ AFP գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Փիթըլ շեշտելով Թուրքիոյ՝ Եւրամիութիւն անդամակցութեան անհրաժեշտութիւնը, մտահոգութիւն յայտնած է անոր ներկայ իրավիճակի մասին:
Յայտնենք, որ Եւրամիութեան անդամակցութեան գործընաթցի սկսելէն 11 տարի ետք, Անգարայի եւ Պրիւքսելի միջեւ լարուածութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին, երբ 24 նոյեմբերին, Եւրախորհրդարանը Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու կասեցման վերաբերեալ որոշում ընդունեց:
Ի պատասխան այս կեցուածքին, Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողան սպառնացած է երկրի սահմանները բանալ Եւրոպա գաղթել ուզողներուն առջեւ, այդպիսով անտեսելով Եւրամիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ անցնող 18 մարտին կայացած համաձայնութիւնը:
«Ներկայիս, Թուրքիոյ հետ համաձայնած ենք: Կը յարգենք պարտաւորութիւնները: Ասիկա սկզբունք է: Եթէ իրենց կողմէ խախտման նպատակ կայ, պիտի իմանամ այդ մասին, եւ ափսոսանք պիտի յայտնեմ: Բայց ըսելը, որ ներկայ պահուն բանակցութիւնները ճիշդ ճանապարհով կ’ընթանան սխալ պիտի ըլլայ»,- եզրափակած է Փիթըլ :