image

Էրտողանի Թուրքիան ամէն օր կ'ոտնակոխէ Եւրամիութեան արժէքները

Էրտողանի  Թուրքիան   ամէն օր  կ'ոտնակոխէ Եւրամիութեան   արժէքները

«Թուրքիա՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի նախագահութեամբ, վերակենդանացնելով մահապատիժի օրէնքը եւ վերջին ամիսներուն իրականացուցած «մաքրման արշաւներ»ով  ամէն օր կ’ոտնակոխէ Եւրամիութեան արժէքները» այսօր այսպէս  յայտարարած է  Լիւքսէմպուրկի վարչապետ  Խավիէ Փիթըլ  AFP գործակալութեան  տուած  հարցազրոյցին  ընթացքին:

 Փիթըլ շեշտելով Թուրքիոյ՝ Եւրամիութիւն անդամակցութեան անհրաժեշտութիւնը, մտահոգութիւն յայտնած է  անոր ներկայ իրավիճակի մասին:

Յայտնենք, որ Եւրամիութեան անդամակցութեան գործընաթցի սկսելէն 11 տարի ետք, Անգարայի եւ Պրիւքսելի միջեւ լարուածութիւնը  հասած  է իր գագաթնակէտին, երբ  24 նոյեմբերին, Եւրախորհրդարանը Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու կասեցման  վերաբերեալ  որոշում ընդունեց:

Ի պատասխան այս կեցուածքին, Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողան  սպառնացած  է  երկրի սահմանները բանալ Եւրոպա գաղթել ուզողներուն առջեւ,  այդպիսով  անտեսելով Եւրամիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ  անցնող 18 մարտին կայացած համաձայնութիւնը:

«Ներկայիս, Թուրքիոյ հետ համաձայնած ենք:  Կը յարգենք պարտաւորութիւնները: Ասիկա սկզբունք է: Եթէ իրենց կողմէ խախտման նպատակ կայ, պիտի իմանամ այդ մասին, եւ ափսոսանք պիտի յայտնեմ: Բայց ըսելը, որ ներկայ պահուն բանակցութիւնները ճիշդ ճանապարհով կ’ընթանան սխալ պիտի ըլլայ»,- եզրափակած է Փիթըլ :