image

Երկու նախկին նախարարներ՝ Գագիկ Խաչատրեանին եւ Սերգօ Կարապետեանին դէմ մեղադրանք

Երկու նախկին նախարարներ՝ Գագիկ Խաչատրեանին եւ Սերգօ Կարապետեանին դէմ մեղադրանք

Hetq.am-ի հաղորդմամբ՝ ֆինանսնեու նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանին եւ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Սերգօ Կարապետեանին յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ (ՅՔԾ) քննուող քէրական գործի շրջանակէն ներս մեղադրանք առաջադուած է: ՅՔԾ-ի «Հետք»ի աղբիւրը փոխանցած է, որ քրէական գործը կը վերաբերի պետական աջակցութեան ծրագրով գիւղացիներուն մատչելի գիներով տրամադրուած պարարտանիւթերու գործընթացին: Քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին, աղբիւրի փոխանցմամբ, պետութեան պատճառուած էական վնասի փոխահատուցման բեռը իր վրայ վերցուցած է Գագիկ Խաչատրեանը, այդ շարքին՝ Սերգօ Կարապետեանի համար վճարուելիք գումարներու պարտաւորութիւնը: Պետութեան պատճառուած վնասը կը գնահատուի մօտ 1 միլիառ դրամ, որուն մեծ մասը արդէն վերականգնուած է:

Յատուկ քննչական ծառայութեան մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը Hetq.am-ի ի պատասխան՝ ըսած է, որ տեղեկութիւնը չի մեկնաբաներ:

Երէկ Ազգային ժողովէն ներս Գագիկ Խաչատրեանի վերաբերեալ քրէական գործի առկայութեան մասին լրագրողներու հարցին ի պատասխան՝ ՅՔԾ պետ Սասուն Խաչատրեանը ըսած է, որ չի մեկնաբաներ այդ լուրը:

Նախորդ տարի քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ Արագածոտնի մարզային քննչական վարչութիւնը ստացած էր 9 քրէական գործ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հողօգտագործողներուն գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար մատչելի գիներով պարարտանիւթերու ձեռք բերման նպատակով պետական աջակցութեան ծրագրերու իրականացման շրջանակներուն մէջ, մարզի տարբեր համայնքներու հողօգտագործողներուն պարարտանիւթերու բաշխման գործընթացին մէջ արձանագրուած տարաբնոյթ չարաշահումներու վերաբերեալ։

«Փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել առ այն, որ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմից, առանց մրցոյթ կազմակերպելու, 2013-2016թթ. ազոթական պարարտանիւթի ներկրման գործառոյթը տրուել է «Բերրիութիւն ԱՄ» Մասիսի շրջանային միաւորում», իսկ 2014-2016թթ. ֆոսֆորական ու քալիումական պարարտանիւթերի ներմուծման գործառոյթը՝ «Հրաշք այգի» ՍՊ ընկերութիւններին։ Վերջիններս, ամէն տարի ստանալով մենաշնորհային դիրք, պետական անտոկոս վարկի, պետական աջակցութեան եւ դրամաշնորհի հաշուոյն զբաղուել են յիշեալ ծրագրերի իրականացմամբ»,- ըսուած էր քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: