«Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» խորագրեալ այս գիրքը, պոլսահայ համայնքի նշանաւոր ներկայացուցիչ, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի առաջին գիրքն է: Լոյս տեսած է 2008 թուականին, անոր սպանութենէն մօտ մէկ ու կէս տարի անց: Թրքերէնէ հայերէնի գրքի թարգմանութիւնը կատարած է Մկրտիչ Սոմունջեան, Խնբագիր՝ Մխիթար Նազարեան, սրբագրիչ Արուս Մուրատեան, վերստուգող սրբագրիչ՝ Հրանդ Գասպարեան, համակարգչային շարուածք Սամուէլ Խաչատրեան, տպագրուած է «Լուսնակն» հրատարակչատան մէջ:
Գիրքի առաջին էջին վրայ կը հանդիպինք «Հրանդ Տինք» միջազգային հիմնադրամի մասին բացատրութեան, հետեւաբար յաջորդ էջին վրայ տեղ գտած հետեւեալ գրութիւնը «Գրքի վաճառքից ստացուած հասոյթը տրամադրուելու է Հայաստանի մանկատներին» կը դառնայ հասկնալի, առաւել այն իրականութեամբ, որ Հրանդ ու իր կողակիցը Ռաքէլ հասակ նետած էին որբանոցին մէջ.. յաջորդ էջի վրայ կը հանդիպինք Տինքի կենսագրականին:
Անցնելով գիրքի բովանդակութեան «Մերօրեայ իրական մարտիկը» գրութիւնը, կը պատկանի Սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանին, ապա ՀՀ արտաքին գործերի նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանի «Ճշմարիտ եմ, աշխատասէր եմ, բայց թուրք չեմ» գրութիւնը: Յաջորդը՝ Հրանդ Տինքի գրիչէն ծորած 2005 Նոյեմբեր 5ին արձանագրուած հայ ժողովուրդին «Ի յիշատակ» ձօնն է, ապա յառաջաբանը: Յաջորդաբար գիրքի գլուխներն են «Յարաբերութիւնների բացակայութեան նորագոյն պատմութիւն», «Յարաբերութիւնների բացակայութեան պատճառները, պատմութիւն.. հոգեխեղում... Մտագարութիւն..», «Ի՞նչ պէտք է անել.. Ի՞նչ պէտք չէ անել..», «Վերջաբան», «Յաւելուածներ», « Խօսք Հրանդին»
Հրանդ Տինք յայտնի լրագրող, լուսամիտ մտաւորական, իր հրապարագրի սլացքը եւ սրտի ցանկութիւնը կ'ամփոփէ անդրանիկ այս գիրքին մէջ: Թուրքիոյ մէջ ապրած, փոքրամասնութիւն ներկայացնող եւ երկրին բոլոր տաք ու դառն առօրեան «վայելած» յանդուգն լրագրողը ու մանաւանդ արմատներուն կառչած հայն է: Ան իր համոզումներն ու խորհրդածութիւնները ի սպաս կը դնէ երկու երկիրներու հարեւանական կապեր հաստատելու յոյժ կարեւոր իրադարձութեան:
Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքացի Հրանդը, Թուրքիոյ հայ համայնքի մասնիկն է, միեւնոյն ժամանակ բարոյապէս կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի մասնիկը, հայ մարդկանց ցեղակիցը:
Ան իր երկուութեան մէջ ունի երկու գլխաւոր ցանկութիւն
Առաջին՝ որպէս Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքացի յարաբերութիւններու կարգաւորումն է եւ սահմաններու բացումը:
Երկրորդ՝ որպէս հայ, Հայաստանի, հայութեան անվտանգ ու խաղաղ ապագայ եւ Հայաստանի հաշտ ու համերաշխ գոյակցութիւնը իր հարեւաններուն հետ:
Տինք իր շրջահայեաց մօտեցումով կը խորհրդածէ թէ, «Հայաստանը ինքզինք անվտանգ չի կրնար զգալ, քանի տակաւին չլուծուած հարցեր ունի երկու հարեւաններու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, այս մէկը ինքնին ակնյայտ արգելք է երկրի բնակչութեան զարգացման եւ բարեկեցութեան»:
Ան նաեւ կ'անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան անել կացութեան օտար խորհրդարաններու կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ»ի ճանաչման իրականութեան հանդիման: Այս մէկը թրքահայութեան համար «Դաշոյնի սայր» արտայայտութեան գործածման պատճառն է, նաեւ այս առթիւ փորձառութիւնը, երկրի մէջ ապրող հայերուն կողմէ մամուլին տրուած, «մենք Թուրքիոյ մէջ շատ հանգիստ ենք» խօսքերը, որոնք անկասկած կ'արտայայտեն մարդոց «ճարահատութիւնը»:
Հայ-թուրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցերը վերլուծելով, ան կը հանգի այն եզրակացութեան, որ այս յարաբերութիւնները մշակելու քաղաքականութեան գլխաւոր առանցքը պէտք է դառնան ընդհանուր շահի ոլորտները, ընդգծելով, որ նախ եւ առաջ ցանկութիւն պէտք է ըլլայ:
Տինք կը վերլուծէ պատմութեան բոլոր օղակները, պատմական իրադարձութիւններն ու արիւնալի ողբերգութիւնները մինչեւ ցեղասպանութիւն: Ան Թուրքիայի եւ Հայաստանի միչեւ յարաբերութիւններու բացակայութեան գլխաւոր պատճառը կը համարէ պատմութիւնն ու պատմութենէն մնացած համապատասխան հոգեվիճակները:
Իսկ Տինքի ամենածանր վիճակը սփիւռքահայինն է, սփիւռքի ձեւաւորման հարցերը զննելով կ'եզրակացնէ թէ սփիւռքահայութեան գործունէութեան վրայ էական ազդեցութիւն ունեցած է Ցեղասպանութիւնը: Ան հայկական պետութիւնը բոլոր հայերուն Մայր Հայրենիքը համարելով հանդերձ, թրքաբնակ հայերը սփիւռքահայ չի համարեր, անոնք իրենց գոյութիւնը կը շարունակեն այն հողերուն վրա, ուր հազարաւոր տարիներ ապրած են: Անոր դիտարկումով Սփիւռքի հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան համար աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են Մերձաւոր Արեւելքի իսլամ երկիրներուն մէջ, մինչ արեւմուտքի շնորհած լայն ազատութիւնները աւելի դիւրացուցած են ինքնութեան ցուլումը: Նաեւ կը մատնանշէ Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութենէն ետք 1942ի ունեցուածքի հարկի, 1955ի Սեպտեմբեր 6-7 ի դէպքերուն եւ այլ պատճառներով հայերու թուաքանակի կրճատումը 300 հազարէն 50-60 հազարի:
Տինք երկու կարեւոր մատնանշում կը կատարէ, առաջին՝ Թուրքիան իր դիրքերը սկսած է զիջիլ վրայ հայերու այս հողերու վրայ գտնուելու փաստի ժխտման, անոնց հետքերը ջնջելու դիրքորշման հանդիման, երկրորդ՝ ժխտման անտեղիութիւնը հայութեան թիւի կրճատման, նաեւ անոնց տեղափոխութիւնը այն վայրերէն որոնք ռազմաճակատային չէին:
Ան իր կոչը կը ձեւաւորէ հետեւեալ մտքին ընդմէջէն «Առանց յարաբերութիւն հաստատելու որեւէ բան չէք կրնար քննարկել»:
Երկխօսութեան յոյժ կարեւոր ըլլալու իրողութիւնը կը շեշտէ «Այս երկխօսութիւնը ինքնին կ'ընկալուի որպէս ներողամտութեան գործընթաց: Ի՞նչ է, անպայման պէտք է սպասենք երրորդ պետութիւններու՝ իրենց շահերէն բխող յամառ միջնորդութեա՞ն» լաւապէս գիտակցելով թէ օտար պետութիւնները հայկական հարցը ոչ թէ մարդկային, այլ քաղաքական նկատառումներով կը դիտեն:
Տինք «Հայկական հարց»ը կը դիտէր այլ տեսանկիւնէն, «Հայկական ինքնութեան առողջութիւնը ֆրանսացիի, գերմանացիի, ամերիկացիի եւ յատկապէս թուրքի ցեղասպանութիւնը ընդունել-չընդունելով պայմանաւորելը սխալ է, հայութիւնը արդէն պէտք է հրաժարի անկէ»:
Իսկ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան մասնակից դառնալու ջատակովն էր, ան կը ցանկար, որ Թուրքիան համապատասխանէր Եւրոմիութեան չափանիշներուն, որպէսզի Հայաստանի եւ Թուրքիայի սահմանները բաց ըլլան, որպէսզի մեր եկեղեցիներն ու սեփականութիւնը պաշտպանուած ըլլային, որպէսզի Թուրքիոյ հասարակութիւնը աւելի ազատօրէն խօսէր ցեղասպանութեան փաստի մասին:
Հրանդ Տինք իւրայատուկ իր գաղափարներով, խորուկ թափանցումով բացաւ իր «Ակօս»ը, հաւանաբար անոր կարգ մը մտածումները լաւ ընդունելութիւն չգտան, հաւանաբար զինք չհասկցողներ գտնուեցան, սակայն անհերքելի է այն իրողութիւնը, որ ան մարդ էր բարին իսկական իմաստով, եւ հայ իր հոգւով, սրտով ու արմատներով...
Ան դարձաւ մէկ ու կէս միլիոնի կողքին ինկած քսանմէկերորդ դարու նահատակը, իր սիրած երկրին մէջ, ուր կը կարծէր թէ սէրն ու հանդուրժողականութիւնը կրնան յաղթանակել:
«Ակօս»ի վարպետը սակայն ձգեց իր հետքը, իր գիրքը, իր վաստակը, իր թաղուած բայց մարդկութեամբ ու հայութեամբ յաւերժ բաբախող սիրտը:
Պերճուհի Աւետեան