Թուրքիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերանորոգած է իր վճռակամութիւնը՝ մինչեւ Ապրիլի վերջը նոր սահմանդրութիւն մը մշակելու կապակցութեամբ, որ կը նախատեսէ խորհրդարանական համակարգը փոխարինել՝ նախագահական համակարգով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ Նախարարական խորհուրդը նոյնպէս դրական մօտեցում ցուցաբերած է սահմանդրութեան փոփոխութեան նկատմամբ: Սակայն, նախագահ Էրտողանի քաղաքական խորհրդատու՝ Պուրհան Քոզոն զգուշացուցած է, որ եթէ կառավարութիւնը ձախողի որոշումը անցնել խորհրդարանէն ներս, ապա պիտի ստիպուի այս հարցով դիմել հանրային քուէարկութեան, մատնանշելով, որ երկու պարագաներուն ալ կը պահանջուի վաղ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել, ձգտելով կա՛մ «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան երեսփոխաններու թիւը աւելցնել, որպէսզի կարենայ սահմանադրութեան փոփոխութեան առաջարկ կատարել, եւ կա՛մ նուազագոյնը երեսփոխաններու թիւը հասցնել 330-ի, որպէսզի կարենայ հանրաքուէ կազմակերպել, նկատի ունենալով որ անոր երեսփոխաններու թիւը ներկայիս կը կազմէ միայն 316, մինչ նոր սահմանդրութեան հաստատման համար հարկաւոր է 550 աթոռ ունենալ խորհրդարանի մէջ:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Էրտողան Տաւուտողլուին առիթ տուած է մինչեւ Մայիսի վերջ վճռել նոր սահմանդրութեան եւ նախագահական համակարգի հաստատման հարցը, կամ 14 ընդդիմադիր երեսփոխաններու «համօզելով» քուէարկել կուսակցութեան ծրագրին կողմ եւ այդպիսով ապահովել հանրաքուէ կազմակերպելու հարկաւոր 330 ձայները, եւ կամ Էրտողան պիտի պարտադրէ անոր խորհրդարանական վաղ ընտրութիւններ կազմակերպել, օգտագործելով խորհրդարանը լուծելու իր իրաւասութիւնը, ինչին սակայն Տաուտողլու դէմ է, եւ նախապէս արտայայտուած էր, թէ «նախագահական համակարգը առաջնային է, սակայն եթէ կարելի չըլլայ զայն անցնել խորհրդարանի մէջ, կարիգ չկայ կառչիլ անոր», ինչն ալ տարակարծութիւններու դուռ բացած է երկուքի միջեւ: