image

Երեւանի մէջ. Լարուած իրավիճակ ԱԱԾ-ի շէնքին մօտ. Գագիկ Ծառուկեան կը հարցաքննուի

Երեւանի  մէջ. Լարուած  իրավիճակ   ԱԱԾ-ի  շէնքին մօտ. Գագիկ Ծառուկեան  կը  հարցաքննուի

Այս պահուն լարուած իրավիճակ կը տիրէ Երեւանի  Նալբանդեան փողոցին վրայ  գտնուող   Ազգային  Անվտանգութեան Ծառայութեան շէնքին  մօտ։

 

 Խնդիրն  այն է, որ       ընդդիմադիր  ԲՀԿ  կուսակցութեան  առաջնորդ  Գագիկ Ծառուկեանը  բերուած է  այդ   կառոյց  հարցաքննուելու համար  եւ անոր  հեւտորդները  նոյնպէս հասած են դէպքի  վայր եւ կը փորձեն  մօտենալ ԱԱԾ  շէնքին։

 

 Իրենց  կարգին  ոստիկանութեան  յատուկ  ուժեր, որոնք կը փորձեն  իրավիճակը  վերահսկողութեան  տակ պահել  կը հորդորեն   քաղաքացիները  ընկերային հեռաւորութիւնը  պահպանելու եւ  տարածքը   ազատելու։

 

 

 Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն  սկսեալ   Հայաստանի ներ-քաղաքական    իրավիճակին մէջ     բաւական  արագ  զարգացումներ եղած էին, երբ իրաւապահ   մարմիններ     խուզարկած էին Ծառուկեանի առանձնատունը  իսկ ԱԱԾ-ն  հանդէս  եկած էր    հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ  կը նշուէր, որ  Ծառուկեան ապօրինի   գործարքներ    կատարած է եւ չարաշահելով  իր պաշտօնները  նիւթական մեծ  վնասներ տուած  պետութեան։