Ազգային Իրավիճակներու նախարարութիւնը կը զգուշացնէ, թէ յառաջիկայ 5 օրերուն, կը սպասուի բարձր աստիճանի հրդեհավտանգ իրավիճակ, հովտային եւ նախալեռնային շրջաններուն մէջ:
Հանրապետութեան տարածաշրջանին 24 յուլիսի ցերեկը, 25-ին, 27-28-ին հիւսիսային որոշակի շրջաններու մէջ, 26-ին, 29-ին բազմաթիւ շրջաններ, կը սպասուին կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ յետ միջօրէին ։
Քամին` հարաւ-արեւմտեան` 3-8 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ հաւանական է քամիի ուժգնութիւնը զօրանայ հասնելով 20-25 մ/վ:
Օդի ջերմաստիճանը 25-26 յուլիսին կը նուազի 3-4 աստիճան:
Երեւանի մէջ 24 յուլիսի ցերեկը, 25-ին, 27-28-ին կը սպասուի ոչ անձրեւային եղանակ, 26-ին, 29-ին քաղաքի որոշակի հատուածներ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, երեկոյեան կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 18-20 մ/վ։