Այսօր ոստիկանութեան պահակային ծառայութեան գունդին վրայ յարձակման ընթացքին զոհուած է գնդապետ Արթուր Վանոյեանը, վիրաւորուած են ոստիկանութեան գնդապետ Արամ Յովհաննիսեանը, փոխգնդապետ Հրաչ Խոստեղեանը, ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեանը, եւս քանի մը հոգի վիրաւորուած են:Այս մասին յայտնած է Ոստիկանութեան պետի տեղակալ Յունան Պօղոսեանը:Նշենք, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն խումբ մը զինեալներ, որ աւելի ուշ ներկայացած են, որպէս «Սասնայ ծռեր» ջոկատ յարձակում գործած էին պահակային գունդի կեդրոնատեղիին վրայ եւ պատանդ վերցուցած հոն եղած ոստիկանները: Աւելի ուշ զինեալներ առողջապահական պատճառներով ազատ արձակած են կարգ մը ոստիկաններ: Դէպքէն անմիջապէս ետք տեղի կ'ունենան բանակցութիւններ, բայց մինչեւ այս պահը դրական որեւէ նախանշան չկայ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան մասին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ոստիկանութիւնը նոր ուժեր կը կուտակէ զինեալներու տիրապետութեան տակ եղած զօրանոցին շուրջ: