image
Հրատապ լուրեր:

Էրէբունիի դէպքերուն այսօր զոհուած է գնդապետ Արթուր Վանոյեանը

Էրէբունիի դէպքերուն   այսօր  զոհուած է   գնդապետ Արթուր Վանոյեանը

Այսօր ոստիկանութեան  պահակային ծառայութեան գունդին վրայ յարձակման ընթացքին զոհուած է գնդապետ Արթուր Վանոյեանը, վիրաւորուած են ոստիկանութեան գնդապետ Արամ Յովհաննիսեանը, փոխգնդապետ Հրաչ Խոստեղեանը, ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեանը, եւս քանի մը հոգի վիրաւորուած են:Այս մասին յայտնած է Ոստիկանութեան պետի տեղակալ Յունան Պօղոսեանը:Նշենք, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն խումբ մը զինեալներ, որ  աւելի ուշ ներկայացած  են, որպէս «Սասնայ  ծռեր» ջոկատ    յարձակում  գործած  էին    պահակային    գունդի կեդրոնատեղիին վրայ  եւ պատանդ  վերցուցած   հոն եղած  ոստիկանները:  Աւելի ուշ  զինեալներ առողջապահական պատճառներով ազատ արձակած  են կարգ մը   ոստիկաններ:    Դէպքէն անմիջապէս ետք          տեղի կ'ունենան  բանակցութիւններ, բայց  մինչեւ այս պահը դրական    որեւէ  նախանշան  չկայ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան   մասին:  Կը  հաղորդուի նաեւ, որ ոստիկանութիւնը նոր ուժեր կը կուտակէ   զինեալներու տիրապետութեան տակ  եղած   զօրանոցին շուրջ: