image

«Երբ մարդս տարիքը առնէ, տաբատները նորոգելու կարիք կ՚ունենայ» Սուրիացի մեծ դերասան ՝ Տորէտ Լահամի խորհուրդները «Քորոնա»ի ժամանակ (Տեսանիւթ)

«Երբ մարդս  տարիքը առնէ,  տաբատները նորոգելու կարիք կ՚ունենայ» Սուրիացի  մեծ դերասան ՝ Տորէտ Լահամի  խորհուրդները «Քորոնա»ի  ժամանակ (Տեսանիւթ)

Սուրիացի  յայտնի դերասան  Տորէտ Լահամ «Ալ Մայատին»   կայանի   խնդրանքին անսալով  կարճ տեսանիւթով մը պատմած է, թէ ինչպէս կ՚անցընէ իր ժամանակը   «Քորոնա»ի     ինքնամեկուսացման  օրերուն։

 Երբ ստիպուած ըլլամ  տունը մնալ ես  ալ տան   մէջ նորոգութեան  գործեր կ՚ընեմ,  որպէսզի ժամանակս  անցընեմ։

Ի դէպ «Քորոնա»ն  մինչեւ հիմա  ճար մը չունի եւ  այդ վարակին դէմ պայքարելու միակ միջոցը   տունը մնալն է։ Այս  օրերուն աշխարհի բոլոր բանակները դուրս  եկան իրենց զօրանոցներէն   եւ  իջան փողոց, որպէսզի   քաղաքացիները փողոցներէն հեռնանան եւ իրենց տուները երթան»

 Մեծ  դերասանը թուարկելով իր տան մէջ եղած ատեն   կատարելիք   աշխատանքները նկատել կու տայ,  որ   տան ելեկտրական կարգ մը սարքերու նորոգումէն ետք  պիտի  նորոգէ նաեւ իր տաբատները.  Այդ առումով ալ  ան կ՚ըսէ ՝ «Գիտէք, երբ մարդս  տարիքը առնէ, իր տաբատները  կ՚երկարին  եւ   ես ալ    այսօր  տաբատներս պիտի կարճցնեմ։ Տունը մնացէք  սիրելիներս, տունը մնանք, որպէսզի      «Քորոնա»ին ալ յաղթենք»,- ըսած է  Տորէտ Լահամ: