Թիպեթի հոգեւոր առաջնորդ՝ Տալայ Լաման «Քորոնա» ժահրի դէմ Covishield պատուաստը ստացաւ: Զինք պատուաստած են Հնդկաստանի հիւսիսը գտնուող Թհարմսալա քաղաքի հիւանդանոցին մէջ, յայտնած է Associated Press գործակալութիւնը։
Պատուաստումէն յետոյ 85-ամեայ Տալայ Լաման մարդոց կոչ ըրած է համարձակութիւն ցուցաբերել եւ պատուաստուիլ։
«Լուրջ խնդիրներէն զերծ մնալու համար պատուաստումը չափազանց կարեւոր է»,- ըսած է Տալայ Լաման
Թիպեթի հոգեւոր առաջնորդը պատուաստող բժիշկը յայտնած է, որ վերջինս յամառած է, որ պատուաստուելու համար միւսներուն պէս անձամբ հիւանդանոց ներկայանայ: