image

Եփրատէն երկու շիշ ջուր դէպի Մոսկուա. Պատճա՞ռը

Եփրատէն երկու  շիշ  ջուր դէպի Մոսկուա. Պատճա՞ռը

Սուրիական բանակը ամիսներ առաջ երկու շիշ ջուր լեցուցած է Եփրատ գետէն եւ ուղարկած Քուայրէսի   խարիսիխի ռուս սպաներուն, որպէսզի իրենց հետ Ռուսաստան տանին: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ ջուրը ուղարկած էին, որպէսզի Մոսկուայի մէջ նշեն՝ Սուրիոյ բանակի դաշնակից Ռուսիոյ աջակցութեամբ Եփրատի ափ հասնելու մեծ յաղթանակը:

«Sham Times»ի համաձայն, այն նոյն ջուր ուղարկելու դէպքը տեղի ունեցած էր, երբ Կարմիր բանակը հասած էր Պալթեան ծով, «ազատագրուած ծով»էն 2 շիշ ջուր, իր հետ Մոսկուա տարած էր:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ բանակը ամիսներ առաջ յաջողած էր Եփրատ գետի «Ասատ» գետակ հասնիլ, ինչը ռազմական մեծ յաջողութիւն նկատուած էր եւ  ճամբայ հարթած   էր   բանակի   կողմէ Տէր Զօրի    ազատագրման: