image

Եղիցի Լոյս ՏԷ՜ր Զօրութիւն. Անի Ֆիշենկճեան

Եղիցի Լոյս ՏԷ՜ր Զօրութիւն. Անի Ֆիշենկճեան

Տե­ղա­հա­նու­թեանց, բռ­նա­գաղ­թի եւ կո­տո­րած­նե­րու, դառ­նակս­կիծ պատ­մայու­շե­րով ծան­րա­բեռ` քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ տաս­նամ­եա­կին իր կեան­քը կը սկ­սի Հայ Սփիւռ­քը:

Որ­բա­ցած բա­զում մա­նուկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու, ան­կա­րող ծե­րու­նի­նե­րու եւ այր­ի­ա­ցած «փափ­կա­սուն կա­նանց» ապաս­տան տուող Սփիւռ­քի առա­ջին հանգր­ուան հան­դի­սա­ցած սուր­ի­ա­կան տօ­թա­կէզ եւ աւա­զա­յին այս Ովա­սի­սին` Տէր Զօ­րին, վի­ճակ­ուած էր դառ­նալ հա­յոց ցա­ւի ու վշ­տի, կո­րուս­տի, բա­ժա­նու­մի եւ մի­աց­ման, վե­րըն­ձիւղ­ման այն կա­մուր­ջը, ուր­կէ հայ մար­դը իր կեան­քի եւ մահ­ուան ու­ղի­նե­րու խաչ­մե­րու­կին, հա­մախմբուած` ան­կոտ­րում կամ­քով պի­տի շա­րու­նա­կէր ապ­րիլ հա­ւա­տա­լով իր գո­յեր­թին, իր արար­չա­գործ միտ­քին եւ գա­լի­քին` իրեն հա­մար ամէ­նօր­եայ եւ առաջ­նա­հերթ խն­դիր հա­մա­րե­լով «հո­գե­ւոր սնուն­դը»` մայ­րե­նին ու եւ կրօն­քը (հա­ւատ­քը):

Այդ օրե­րէն ան­ցած է ու­ղիղ հա­րիւր տա­րի: Բայց պատ­մու­թիւնը կը մնայ վկան այն ամէ­նի մա­սին, որով ըն­թա­ցած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­ղին:

Պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն, Եղեռ­նի վա­ղոր­դայ­նին Հա­լէպ քա­ղա­քը ոչ միայն հայ աք­սո­րա­կան­նե­րուն աք­սո­րա­վայր դար­ձած էր, այլ տա­րան­ցու­մի հանգր­ուան մը Անա­տո­լուի գա­ւառ­նե­րէն եկող հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րուն: Բազ­մա­թիւ վրա­նա­կա­յան­ներ տե­ղա­կայ­ուած էին քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քը` «Ին­թի­լի, Իս­լահիէ, Քաթ­մա, Ազազ (Ազէզ), Ռա­ճօ, Պապ, Մուն­պուճ եւ մա­նա­ւանդ Սէ­պիլ` Հա­լէ­պի հա­րաւ-արե­ւել­քը գտ­նուող գաղ­թա­կա­յա­նը»:

Հա­լէպ քա­ղա­քի մէջ հայ աք­սո­րա­կան­նե­րու թիւի ստ­ուա­րաց­ման պատ­ճա­ռով, օս­ման­ցի­նե­րու որ­դեգ­րած ան­մարդ­կա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մա­ձայն, գաղ­թա­կան­նե­րը կը քշ­ուէ­ին դէ­պի սուր­ի­ա­կան անա­պատ­նե­րը, ուր աւե­լի ուշ պի­տի դառ­նա­յին անոնց գե­րեզ­մա­նա­փո­սե­րը: Իսկ անոնք, որոնց բախտ վի­ճակ­ուած էր վե­րապ­րե­լու, պար­բե­րա­բար պի­տի տե­ղա­ւոր­ուէ­ին Տէր Զօր եւ այ­լուր:

Սուր­իոյ հիւ­սիս արե­ւել­քը, Եփ­րատ գե­տի ափին, Րագ­գա-Պաղ­տատ գե­տա­յին ճա­նա­պար­հին վրայ տե­ղադր­ուած Տէր Զօր քա­ղա­քը` Սուր­իոյ եւ Իրա­քի արա­բա­կան անա­պա­տի թա­փա­ռաշըր­ջիկ ցե­ղե­րու առեւտ­րա­կան մի­ակ կեդ­րո­նը եւ «Մի­ջա­գետ­քի անա­պա­տա­յին տա­րա­ծու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը» կը հան­դի­սա­նար:

Սուր­իոյ այս հատ­ուա­ծին վրայ հայ­կա­կան հա­մայնք ձե­ւա­ւոր­ուած էր առա­ւե­լա­բար արեւմ­տա­հա­յու­թեան դէմ կան­խամ­տած­ուած եւ գոր­ծադր­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Կի­լիկ­իոյ վերջ­նա­կան պար­պու­մին` 1915- 1922, ին­կած ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծին:

Պատ­մու­թիւնը կը վկա­յէ, որ 1915-էն առաջ այս աւա­նը դար­ձած էր շուրջ 20 հայ ըն­տա­նի­քի բնա­կա­վայ­րը, որոնք մեծ մա­սամբ Տիգ­րա­նա­կեր­տէն եւ Սղեր­դէն էին:

Աւե­լի ուշ այդ­տեղ ապաս­տան կը գտ­նեն տասն­եակ այլ հայ ըն­տա­նիք­ներ, որոնք իրենց աշ­խա­տա­սի­րու­թեան եւ ճար­պի­կութ­եան շնոր­հիւ, կր­նան բա­րե­կե­ցիկ կեանք մը ու­նե­նալ: Անոնք մեծ մա­սամբ եկած էին Ուր­ֆա­յէն, Կար­մու­ջէն եւ փոքր մաս մըն ալ Այն­թա­պէն, Բա­ղէ­շէն, Պուր­սա­յէն եւ այլն:

Պատ­մա­կան տու­եալ­նե­րու հա­մա­ձայն, հայ որ­բուկ­նե­րը, որոնք փրկ­ուած էին շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րու կող­մէ, կը փախ­չէ­ին եւ կ՛ապա­ւի­նէ­ին տի­կին Սա­թե­նիկ Հայկ­եա­նի մօտ, որոնց պէտ­քե­րը հո­գա­լէ ետք տի­կին Սա­թե­նիկ զա­նոնք կը ղր­կէր Հա­լէ­պի Միս Քա­րէն Եփ­փէի Պատս­պա­րա­նը:

1927-ին այս­տեղ ապաս­տան կը գտ­նեն շուրջ 70 հայ ըն­տա­նիք­ներ:  Ազ­գա­յին գոր­ծե­րը կը կա­տար­ուէ­ին թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ: Իսկ հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րը կը հո­գար կար­մուջ­ցի  Տ. Ղե­ւոնդ քա­հա­նան:

Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան շնոր­հիւ, 1928-ին, հայ դպ­րո­ցը իր դռ­նե­րը կը բա­նայ երկ­սեռ աշա­կերտ­նե­րու հա­մար` ման­կա­պար­տէզ եւ նա­խակր­թա­րան բա­ժա­նմունք­նե­րով:

Հա­մա­ճա­րա­կը բոյ­նը դրած էր այդ շր­ջան­նե­րուն մէջ եւ օրա­կան հա­րիւ­րա­ւոր մար­դոց կեանք կը խլէր:

28 Յու­լիս 1929-ին, Տէր Զօ­րի մէջ կը կազմ­ուի Հայ Կար­միր Խա­չի մաս­նա­ճիւղ` 50 երկ­սեռ ան­դամ­նե­րով:

ՍՕ Խաչն ու ՀԲԸՄ-ը մտա­հոգ­ուած վե­րին Ճե­զի­րէի մէջ 1927-էն ետք հաս­տա­տուող հա­յու­թեան կր­թա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան ու մա­նա­ւանդ առող­ջա­կան խն­դիր­նե­րով` իրենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով հան­դէս կու գան:

Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի Կա­նանց Օժան­դակ Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ կը կազ­մա­կերպ­ուի հա­յե­րէն լեզ­ուի ու­սուց­ման լսա­րան` մե­ծա­հա­սակ­նե­րու հա­մար, ուր իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րէ­ին անոնք, որոնք կորսն­ցու­ցած էին իրենց մայ­րենիի իմա­ցու­թիւնը եւ կամ դժ­ուա­րու­թեամբ կը յի­շէ­ին իրենց մայ­րե­նին: Անոնց հիմ­նա­կան նպա­տակն էր հա­յե­րէ­նի իմա­ցու­թեամբ վե­րա­դառ­նալ դէ­պի «հայ եկե­ղե­ցի», որ դա­րեր շա­րու­նակ ապա­ւէն եղած էր իր հօ­տին դի­մագ­րա­ւած ար­հա­ւիրք­նե­րուն դէմ:

Տէր Զօ­րը Սուր­իոյ եւ հա­մայն հա­յու­թեան նո­րա­գոյն պատ­մութ­եան մէջ դար­ձաւ ու պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ այն «Սր­բա­վայր-Ուխ­տա­վայր»ը, ուր տասն­եակ տա­րի­ներ իր շուրջ հա­մախմ­բեց հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ:

Հա­յը իր ամէ­նօր­եայ դժ­ուա­րու­թեանց կող­քին մտա­ծեց ցե­ղի գո­յու­թեան մա­սին, յու­սա­լով որ ան­պայ­ման օր մը պի­տի բաց­ուէր ար­շա­լոյս:

Ան­սա­լով նա­հա­տակ­նե­րու ար­եան կան­չին եւ ան­մա­հաց­նե­լով անոնց սուրբ յի­շա­տա­կը աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւնը լծ­ուե­ցաւ նա­հա­տակ­նե­րու աճիւ­նե­րը մէկ­տե­ղե­լու եւ յու­շա­կո­թող մը կանգ­նեցը­նե­լու աշ­խա­տան­քին` յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու քսա­նե­րորդ դա­րու թուր­քե­րու կող­մէ կա­տար­ուած ան­մարդ­կա­յին արար­քը. «Տէր Զօ­րի հա­յու­թիւնը բա­րի օր մը մտա­ծեց հա­ւա­քել նա­հա­տակ­նե­րու ան­թաղ ոս­կոր­նե­րը, որոնք բլ­րա­ցած կը մնա­յին Եփ­րա­տի եզերք­նե­րուն եւ սր­բա­վայր մը կա­ռու­ցա­նել անոնց վրայ: Հա­լէ­պի տք­նա­ջան առաջ­նորդ Ար­տա­ւազդ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով եւ բա­րե­րար Բար­սեղ Պա­լըգճ­եա­նի նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թեամբ կա­ռուց­ուե­ցան կո­կիկ եկե­ղե­ցի մը ու դըպ­րոց մը»:

Եկե­ղե­ցա­շի­նու­թեան առա­ջադ­րան­քը ի գործ դր­ուե­լով 1931-ին հո­ղա­շեր­տը կը գն­ուի 550 օսմ. ոսկի­ով, որուն կա­ռու­ցա­պատ­ման նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ եգիպ­տա­հայ աղեք­սանդր­ի­աբ­նակ եւ Զահ­լէի Ս. Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ բա­րե­րար տի­ար Բար­սեղ Պա­լըգճ­եան` 300 եգիպ­տա­կան ոսկի­ով: Ան եկե­ղեց­ւոյ կա­ռու­ցու­մը աւար­տե­լէն մէկ ու կէս տա­րի ետք, կ՛որո­շէ ձեռ­նար­կել յու­շա­կո­թո­ղի կա­ռուց­ման Տէր Զօ­րի մէջ:

Ան իր ող­բաց­եալ մօր յի­շա­տա­կին սոյն մա­տու­ռը կը կո­չէ Ս. Հռիփ­սի­մէ: Պա­լըգճ­եա­նի իրե­րա­յա­ջորդ նիւ­թա­կան օժան­դա­կութ-եամբ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տան­քը յա­ջո­ղու­թեամբ կը պսակ­ուի:

5 Դեկ­տեմ­բեր 1931-ին, Տէր Զօ­րի Ս. Հռիփ­սի­մէ եկե­ղեցի­ին եւ անոր յա­րա­կից Ազ­գա­յին Նա­հա­տա­կաց վար­ժա­րա­նի շի­նու­թիւնն ու ներ­քին յար­դա­րան­քը կ՛ամ­բող­ջա­նան եւ բաց­ման հան­դի­սու­թիւն կը կա­տար­ուի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նորդ Տ. Ար­տա­ւազդ Ս. Արք. Սիւր­մէ­եա­նի եւ բա­րե­րար տի­ար Բար­սեղ Պա­լըգճ­եա­նի ներ­կա­յու­թեամբ: Տու­եալ հան­դի­սու­թեան ներ­կայ կ՛ըլ­լան նա­եւ Տէր Զօ­րի կա­ռա­վա­րի­չը, հո­գա­տար կա­ռա­վա­րութ­եան բարձր պաշ­տօն­եա­ներ, քա­ղա­քա­պե­տը, ինչ­պէս նա­եւ զի­ն-ուո­րա­կան հրա­մա­նա­տարն ու բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ: Ս. Պա­տա­րա­գէն ետք հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն կը կա­տար­ուի ի յի­շա­տակ բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու եւ ի մաս­նա­ւո­րի Տ. Պա­լըգճ­եա­նի մօր Հռիփ­սի­մէի յի­շա­տա­կին: Բազ­մա­թիւ բա­րե­սէր ազ­գա­յին­ներ կը մաս­նակ­ցին նո­րա­շէն եկե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան բա­րե­զար­դու­մին:

1931-ին եկե­ղեց­ւոյ մէջ կ՛ամ­փոփ­ուի Ապ­րիլ­եան Եղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­նե­րէն մաս մը:

Այս­տեղ յար­մար կը նկա­տեմ անդ­րա­դառ­նալ ամե­րի­կա­հայ ար­ձա­կա­գիր Հա­մաս­տե­ղի 1928 – 1930 թ. դէ­պի Եւ­րո­պա եւ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւելք շր­ջա­գա­յու­թեան գրա­ռում­նե­րու մա­սին: Պատ­մու­թե­նէն յայտ­նի է, որ բա­զում մտա­ւո­րա­կան­ներ ան­ցած են այդ դժո­խա­յին ճա­նա­պար­հէն ու ճա­շա­կած դառ­նու­թիւնը այդ «Գող­գո­թա­յին»:

1928-1930 թ. եր­կար ճամ­բոր­դու­թե­նէ ետք, Հա­մաս­տեղ Ամե­րի­կա կը վե­րա­դառ­նայ հա­րուստ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով: Պահ­պան­ուած նա­մակ­նե­րը, մա­մու­լի մէջ լոյս տե­սած նիւ­թե­րը կը վկա­յեն, որ Հա­մաս­տեղ եղած Է նա­եւ Տէր Զօր: «Ան աւազ­նե­րու մէջ կը թա­ղէր ոս­կոր­նե­րը ու թուէր որ Հա­մաս­տեղն ու ոս­կոր­նե­րը կը հասկը­նա­յին զի­րար: Իսկ երբ աւազ­նե­րու մէ­ջէն Հա­մաս­տեղ մարդ­կա­յին գանկ կը հա­նէ, կը մտա­ծէ հե­տը տա­նիլ, բայց գան­կը Ամե­րի­կա չի հաս­նիր, Ամե­րի­կա մտ­նե­լու ար­տօ­նու­թիւն չու­նե­նա­լուն եւ հա­յու գանկ մը ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ: Գան­կը կը մնայ Փա­րիզ», այս մա­սին կը վկա­յէ Տ. Սու­րէն Ա. Քհնյ. Բա­բա­խան­եան:

1959-ին, Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նորդ Տ. Ղե­ւոնդ Ս. Արք. Չէ­պէ­եա­նի կար­գադ­րու­թեամբ եւ բա­րեն­պա­տակ ծրա­գիր մը իրա­գոր­ծե­լու առա­ջադ­րան­քով, Հա­լէ­պի մէջ հան­գա­նա­կու­թեան «կոչ» կ՛ուղղ­ուի ի նպաստ Տէր Զօ­րի ապ­րիլ­եան նա­հա­տակ­նե­րու յու­շար­ձա­նի մը շի­նու­թեան ֆոն­տին: Ի լուր սր­բա­զան հօր կո­չին, հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը իր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րով հան­դերձ, սր­տա­բաց եւ յօ­ժա­րա­կամ օժան­դա­կու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն:

1959-ին Սեպ­տեմ­բեր 6-ին, խո­րա­նա­ձեւ հա­մեստ յու­շար­ձան մը կը զե­տեղ­ուի այդ աճիւն­նե­րուն վրայ: Յու­շար­ձա­նին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կը կա­տար­ուի 15 Նո­յեմ­բեր 1959-ին:

Քա­նի մը տաս­նամ­եակ այս եկե­ղե­ցին կի­սա­քանդ եւ անխ­նամ կը մնայ:

Հա­կա­ռակ բա­զում դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, հայ կեան­քը Տէր Զօ­րի մէջ կը շա­րու­նա­կէր գո­յա­տե­ւել:

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Տէր Զօ­րի հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան թուա­կան պատ­կե­րը, 1932-1955 թ., Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի ար­խիւ­նե­րէն քաղ­ուած:

 

Տէր Զօր   բնակ­չու­թիւն   Տէր Զօր   բնակ­չու­թիւն   Տէր Զօր   բնակ­չու­թիւն

1932              344          1940              525             1948   ***

1933              868          1941              514             1949   266

1934              455          1942              580             1950   271

1935              350          1943              625             1951   297 (300)

1936              433          1944              611             1952   305

1937              483          1945              255             1953   269

1938              477          1946              212             1954   255

1939              495          1947              251             1955   256

1969 թուա­կան:

Ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին տա­րի:

Հան­դի­պում` բա­րե­րար Հայ­կա­զուն Գահ­ուէճ­եա­նի եւ հայ­րե­նի ճար­տա­րապետ Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէլ­եա­նի:

Հայ­կա­զուն Գահ­ուէճ­եա­նի վկա­յու­թեամբ «Ճար­տա­րա­պետ Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէլ­եան, որ­պէս ուխ­տա­ւոր, իրեն եւ այլ եր­կու ան­ձե­րու հետ Տէր Զօ­րի փո­խա­րէն կ՛ու­ղե­ւոր­ուին Մէս­քէ­նէ: Անոնք կը հաս­նին նշ­եալ վայ­րը, ուր ներ­կա­նե­րուն մէջ կ՛արթն­նայ հո­գե­յոյզ տրա­մադ­րու­թիւն: Ճար­տա­րա­պե­տի վար­պե­տու­թեամբ ու ար­ուես­տա­գէ­տի երե­ւա­կա­յու­թեամբ Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէլ­եան խո­ռոչ խո­րան մը կը բա­նայ աւա­զէ պա­տին մէջ, խաչ մը փո­րագ­րե­լով` խոր­քին: Ապա ձեռ­քե­րը մաք­րե­լով ճա­կա­տին քր­տին­քը կը սր­բէ ու կը սկ­սի տե­ղադ­րել 17 մո­մեր անա­պա­տի խո­րա­նին վրայ: Երբ ծուն­կի կու գայ Վար­պե­տը Սուրբ Խո­րա­նին առ­ջեւ, ըն­կե­րա­կից­նե­րը եւս կը հե­տե­ւին անոր եւ կը վա­ռեն իրենց մո­մե­րը»:

Շա­րու­նա­կե­լով Գահ­ուէճ­եան կ՛ըսէ. «Յա­ճախ այ­ցե­լած էի այդ վայ­րը, սա­կայն այս այ­ցը ու­նե­ցաւ իր իւ­րա­յա­տուկ ներդ­րու­մը հոգի­իս մէջ: Խոր յու­զու­մի ու ճնշ­ուա­ծու­թեան պա­հեր ապ­րե­լէ ետք, հա­սայ եզ­րա­յանգ­ման: Այդ վայրկ­եա­նէն ծնունդ առաւ գա­ղա­փա­րը` Տէր Զօ­րի մէջ կանգ­նեց­նե­լու Յու­շար­ձան-Հա­մա­լիր մը, վա­յել բիւ­րա­ւոր մեր նա­հա­տակ­նե­րու ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին: Որո­շե­ցի գոր­ծի անց­նիլ, ու­ժերս հա­ւա­քե­լով երթ տա­լու հա­մար մէջս արթն­ցած տե­սիլ­քին»:

1970-ին, Գահ­ուէճ­եան մտայ­ղա­ցում-առա­ջար­կը կը ներ­կա­յացը­նէ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առա­ջորդ Տ. Տա­թեւ Սր­բա­զան Արք. Սար­գիս­եա­նին: Սր­բա­զա­նը իր կար­գին կը փո­խան­ցէ զայն Կալ­ուա­ծոց Յանձ­նա­խում­բին: Սա­կայն ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով պրն. Հայ­կա­զու­նի դի­մու­մը ան­պա­տաս­խան կը մնայ:

1980-ին, ան դարձ­եալ կը ներ­կա­յա­նայ իր առա­ջար­կով Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի նո­րան­շա­նակ Առաջ­նորդ Տ. Սու­րէն Սր­բա­զան Արք. Գա­թա­րոյ­եա­նին եւ կը խոս­տա­նայ նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն` տու­եալ կա­ռոյ­ցի շի­նա­րա­րու­թեան յա­ջո­ղու­թեան ի խն­դիր: Սա­կայն դարձ­եալ` ան­պա­տաս­խան:

Ամէ­նե­ւին հե­տապնդ­ուած եւ ազ­գօ­գուտ գոր­ծը ան­պայ­ման պի­տի իրա­կա­նա­նար, որ­պէս քրիս­տո­ն­է­ա­վա­յել եւ Աստ­ուա­ծա­հա­ճոյ արարք, հա­կա­ռակ բո­լոր ար­գելք­նե­րուն:

Եր­կա­րա­տեւ համ­բե­րու­թե­նէ ու սպա­սու­մէ ետք, կը հաս­նի այն օրը, երբ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Նո­րին Սուրբ Օծու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Սուր­իա կ՛այ­ցե­լէ: Պրն. Գահ­ուէճ­եան յար­մար առիթ նկա­տե­լով կը տե­սակ­ցի կա­թո­ղի­կո­սին հետ` ներ­կա­յաց­նե­լով հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող առա­ջար­կը, որ բա­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ ի վեր ան­պա­տաս­խան կը մնար: Վե­հա­փա­ռը յու­զու­մով կը դի­մա­ւո­րէ եւ իր օրհ­նու­թեամբ կը թե­լադ­րէ, որ ան­յա­պաղ գոր­ծի անց­նին եւ  Տէր Զօ­րի մէջ կանգ­նեց­նեն Յու­շար­ձան-Հա­մա­լի­րը:

Գահ­ուէճ­եան կը փո­խան­ցէ խոս­տա­ցած նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւնը 26 Մարտ 1984-ին: Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան կող­մէ տըւ­եալ կա­ռոյ­ցի նա­խա­գի­ծի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար մր­ցոյթ կը յայ­տա­րար­ուի նիւ­թա­կան վար­ձատ­րու­թեամբ: Բազ­մա­թիւ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն մր­ցա­նա­կի կ՛ար­ժա­նա­նայ ճար­տա­րա­պետ Սար­գիս Պալ­մա­նուկ­եա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած նա­խա­գի­ծը:

Այս­պի­սով, կը սկ­սի այս հրա­շա­փառ գոր­ծին ըն­թաց­քը:

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Հայ­րա­պե­տը կը հե­տապն­դէ շի­նա­րա­րա­կան գոր­ծը: 31 Յուն­ուար 1986-ին կ՛ըն­դուն­ուի յու­շա­հա­մա­լի­րի նա­խա­գի­ծը քն­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ման­րակր­կիտ ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէն ետք, եւ խորհր­դակ­ցու­թեամբ` Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան:

Յու­շա­հա­մա­լի­րի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կը սկ­սին 1 Դեկ­տեմ­բեր 1989-ին շի­նա­րա­րա­կան յանձ­նա­խում­բին հետ հա­մա­տեղ գոր­ծակ­ցու­թեամբ: Հին եկե­ղե­ցին հիմ­նո­վին կը քանդ­ուի եւ կը գն­ուի կի­ցը գտն­ուած հո­ղա­շեր­տը 25 քռկ.մ. տա­րա­ծութ­եամբ. այս­պի­սով հո­ղա­մա­սին ընդ­հա­նուր տա­րա­ծու­թիւնը կը դառ­նայ գրե­թէ 875 քռկ.մ.:

1990 թ. երկ­րորդ կի­սուն ար­դէն կանգ­նած էր Տէր Զօ­րի «Նա­հա­տա­կաց» յու­շա­հա­մա­լի­րը: 24 Նո­յեմ­բեր 1990-ին Ս. Պա­տա­րագ եւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն կը մա­տուց­ուի, որ­մէ ետք տե­ղի կ՛ու­նե­նայ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցում Տ. Սու­րէն Ս. Արք. Գա­թա­րոյ­եա­նի ձե­ռամբ:

Ս. Նա­հա­տա­կաց եկե­ղեց­ւոյ հան­դի­սա­ւոր օծու­մը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ 4-5 Մա­յիս 1991-ին:

Յու­շա­հա­մա­լի­րը իր մա­տու­ռով, նա­հա­տակ­նե­րուն նուիր­ուած յու­շա­սիւ­նով, շքա­մուտ­քով, «Խա­չե­լու­թիւն» նա­խաս­րա­հով, «Նա­հա­տա­կու­թեան» սրա­հով, քա­րա­կերտ ու­թան­կիւն յու­շա­սիւ­նով, եւ իր խա­չով ու խաչ­քա­րե­րով այ­ցե­լող ուխ­տա­ւո­րին կը խօ­սի նա­հա­տակ­ուած, բայց յա­րուց­եալ ժո­ղո­վուր­դի մը պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին, հո­գեմ­տա­ւոր կերտ­ուած­քի մա­սին, որ դա­րեր շա­րու­նակ հա­ւատ­քի եւ լեզ­ուի պահ­պան­ման հա­մար մինչ օրս «ցե­ղի գո­յա­տեւ­ման» պայ­քար կը մղէ:

Եւ «լի­նե­լու-չլի­նե­լու» ճա­նա­պար­հին, քա­րա­կերտ այդ յու­շա­կո­թո­ղը իր նա­հա­տակ ժո­ղո­վուր­դի աճիւն­նե­րով այ­սօ՛ր, իր կի­սա­փուլ կա­ռոյ­ցով, իր վի­րա­ւոր հոգի­ով նոր պայ­քար կը մղէ ու այդ պայ­քա­րով կը փոր­ձէ գո­յա­տե­ւե­լու նոր յոյս ներշն­չել իր հա­մաս­փիւռ հա­յոր­դի­նե­րուն:

Յի­շա­տակդ ան­մո­ռաց, ո՛վ հայ նա­հա­տակ,

Դուն, որ քա­լե­ցիր պա­պե­րուդ ոտ­նա­հետ­քե­րով,

Դուն, որ խա­ղաղ կեանքդ գե­րա­դա­սե­ցիր մա­հով,

Դուն, որ սուրբ կեանքդ նուի­րա­բե­րե­ցիր հայ­րե­նի­քիդ.

Լսէ՛ հեռ­ուէն եկող նոր ման­կան ճի­չը,

Հա­ւա­տա՛ գա­լի­քին ու նո­րա­բաց գա­րու­նին:

Աղօթք, խունկ եւ մոմ քու սուրբ յի­շա­տա­կին:

 

Անի Ֆիշենկճեան