Տեղահանութեանց, բռնագաղթի եւ կոտորածներու, դառնակսկիծ պատմայուշերով ծանրաբեռ` քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին իր կեանքը կը սկսի Հայ Սփիւռքը:
Որբացած բազում մանուկներու եւ պատանիներու, անկարող ծերունիներու եւ այրիացած «փափկասուն կանանց» ապաստան տուող Սփիւռքի առաջին հանգրուան հանդիսացած սուրիական տօթակէզ եւ աւազային այս Ովասիսին` Տէր Զօրին, վիճակուած էր դառնալ հայոց ցաւի ու վշտի, կորուստի, բաժանումի եւ միացման, վերընձիւղման այն կամուրջը, ուրկէ հայ մարդը իր կեանքի եւ մահուան ուղիներու խաչմերուկին, համախմբուած` անկոտրում կամքով պիտի շարունակէր ապրիլ հաւատալով իր գոյերթին, իր արարչագործ միտքին եւ գալիքին` իրեն համար ամէնօրեայ եւ առաջնահերթ խնդիր համարելով «հոգեւոր սնունդը»` մայրենին ու եւ կրօնքը (հաւատքը):
Այդ օրերէն անցած է ուղիղ հարիւր տարի: Բայց պատմութիւնը կը մնայ վկան այն ամէնի մասին, որով ընթացած է հայ ժողովուրդի ուղին:
Պատմական տեղեկութիւններու համաձայն, Եղեռնի վաղորդայնին Հալէպ քաղաքը ոչ միայն հայ աքսորականներուն աքսորավայր դարձած էր, այլ տարանցումի հանգրուան մը Անատոլուի գաւառներէն եկող հարիւր հազարաւոր հայորդիներուն: Բազմաթիւ վրանակայաններ տեղակայուած էին քաղաքի մերձակայքը` «Ինթիլի, Իսլահիէ, Քաթմա, Ազազ (Ազէզ), Ռաճօ, Պապ, Մունպուճ եւ մանաւանդ Սէպիլ` Հալէպի հարաւ-արեւելքը գտնուող գաղթակայանը»:
Հալէպ քաղաքի մէջ հայ աքսորականներու թիւի ստուարացման պատճառով, օսմանցիներու որդեգրած անմարդկային քաղաքականութեան համաձայն, գաղթականները կը քշուէին դէպի սուրիական անապատները, ուր աւելի ուշ պիտի դառնային անոնց գերեզմանափոսերը: Իսկ անոնք, որոնց բախտ վիճակուած էր վերապրելու, պարբերաբար պիտի տեղաւորուէին Տէր Զօր եւ այլուր:
Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը, Եփրատ գետի ափին, Րագգա-Պաղտատ գետային ճանապարհին վրայ տեղադրուած Տէր Զօր քաղաքը` Սուրիոյ եւ Իրաքի արաբական անապատի թափառաշըրջիկ ցեղերու առեւտրական միակ կեդրոնը եւ «Միջագետքի անապատային տարածութեան մայրաքաղաքը» կը հանդիսանար:
Սուրիոյ այս հատուածին վրայ հայկական համայնք ձեւաւորուած էր առաւելաբար արեւմտահայութեան դէմ կանխամտածուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան եւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումին` 1915- 1922, ինկած ժամանակահատուածին:
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ 1915-էն առաջ այս աւանը դարձած էր շուրջ 20 հայ ընտանիքի բնակավայրը, որոնք մեծ մասամբ Տիգրանակերտէն եւ Սղերդէն էին:
Աւելի ուշ այդտեղ ապաստան կը գտնեն տասնեակ այլ հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց աշխատասիրութեան եւ ճարպիկութեան շնորհիւ, կրնան բարեկեցիկ կեանք մը ունենալ: Անոնք մեծ մասամբ եկած էին Ուրֆայէն, Կարմուջէն եւ փոքր մաս մըն ալ Այնթապէն, Բաղէշէն, Պուրսայէն եւ այլն:
Պատմական տուեալներու համաձայն, հայ որբուկները, որոնք փրկուած էին շրջանի բնակիչներու կողմէ, կը փախչէին եւ կ՛ապաւինէին տիկին Սաթենիկ Հայկեանի մօտ, որոնց պէտքերը հոգալէ ետք տիկին Սաթենիկ զանոնք կը ղրկէր Հալէպի Միս Քարէն Եփփէի Պատսպարանը:
1927-ին այստեղ ապաստան կը գտնեն շուրջ 70 հայ ընտանիքներ: Ազգային գործերը կը կատարուէին թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Իսկ հոգեւոր կարիքները կը հոգար կարմուջցի Տ. Ղեւոնդ քահանան:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան շնորհիւ, 1928-ին, հայ դպրոցը իր դռները կը բանայ երկսեռ աշակերտներու համար` մանկապարտէզ եւ նախակրթարան բաժանմունքներով:
Համաճարակը բոյնը դրած էր այդ շրջաններուն մէջ եւ օրական հարիւրաւոր մարդոց կեանք կը խլէր:
28 Յուլիս 1929-ին, Տէր Զօրի մէջ կը կազմուի Հայ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղ` 50 երկսեռ անդամներով:
ՍՕ Խաչն ու ՀԲԸՄ-ը մտահոգուած վերին Ճեզիրէի մէջ 1927-էն ետք հաստատուող հայութեան կրթական, կազմակերպչական ու մանաւանդ առողջական խնդիրներով` իրենց ներկայացուցիչներով հանդէս կու գան:
Բարեգործականի Կանանց Օժանդակ Յանձնախումբին կողմէ կը կազմակերպուի հայերէն լեզուի ուսուցման լսարան` մեծահասակներու համար, ուր իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին անոնք, որոնք կորսնցուցած էին իրենց մայրենիի իմացութիւնը եւ կամ դժուարութեամբ կը յիշէին իրենց մայրենին: Անոնց հիմնական նպատակն էր հայերէնի իմացութեամբ վերադառնալ դէպի «հայ եկեղեցի», որ դարեր շարունակ ապաւէն եղած էր իր հօտին դիմագրաւած արհաւիրքներուն դէմ:
Տէր Զօրը Սուրիոյ եւ համայն հայութեան նորագոյն պատմութեան մէջ դարձաւ ու պիտի շարունակէ մնալ այն «Սրբավայր-Ուխտավայր»ը, ուր տասնեակ տարիներ իր շուրջ համախմբեց հազարաւոր հայորդիներ:
Հայը իր ամէնօրեայ դժուարութեանց կողքին մտածեց ցեղի գոյութեան մասին, յուսալով որ անպայման օր մը պիտի բացուէր արշալոյս:
Անսալով նահատակներու արեան կանչին եւ անմահացնելով անոնց սուրբ յիշատակը աշխարհացրիւ հայութիւնը լծուեցաւ նահատակներու աճիւները մէկտեղելու եւ յուշակոթող մը կանգնեցընելու աշխատանքին` յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու քսաներորդ դարու թուրքերու կողմէ կատարուած անմարդկային արարքը. «Տէր Զօրի հայութիւնը բարի օր մը մտածեց հաւաքել նահատակներու անթաղ ոսկորները, որոնք բլրացած կը մնային Եփրատի եզերքներուն եւ սրբավայր մը կառուցանել անոնց վրայ: Հալէպի տքնաջան առաջնորդ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոսի անխոնջ աշխատանքով եւ բարերար Բարսեղ Պալըգճեանի նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուեցան կոկիկ եկեղեցի մը ու դըպրոց մը»:
Եկեղեցաշինութեան առաջադրանքը ի գործ դրուելով 1931-ին հողաշերտը կը գնուի 550 օսմ. ոսկիով, որուն կառուցապատման նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ եգիպտահայ աղեքսանդրիաբնակ եւ Զահլէի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարերար տիար Բարսեղ Պալըգճեան` 300 եգիպտական ոսկիով: Ան եկեղեցւոյ կառուցումը աւարտելէն մէկ ու կէս տարի ետք, կ՛որոշէ ձեռնարկել յուշակոթողի կառուցման Տէր Զօրի մէջ:
Ան իր ողբացեալ մօր յիշատակին սոյն մատուռը կը կոչէ Ս. Հռիփսիմէ: Պալըգճեանի իրերայաջորդ նիւթական օժանդակութ-եամբ շինարարական աշխատանքը յաջողութեամբ կը պսակուի:
5 Դեկտեմբեր 1931-ին, Տէր Զօրի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիին եւ անոր յարակից Ազգային Նահատակաց վարժարանի շինութիւնն ու ներքին յարդարանքը կ՛ամբողջանան եւ բացման հանդիսութիւն կը կատարուի հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Սիւրմէեանի եւ բարերար տիար Բարսեղ Պալըգճեանի ներկայութեամբ: Տուեալ հանդիսութեան ներկայ կ՛ըլլան նաեւ Տէր Զօրի կառավարիչը, հոգատար կառավարութեան բարձր պաշտօնեաներ, քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ զին-ուորական հրամանատարն ու բարձրաստիճան սպաներ: Ս. Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կատարուի ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակներու եւ ի մասնաւորի Տ. Պալըգճեանի մօր Հռիփսիմէի յիշատակին: Բազմաթիւ բարեսէր ազգայիններ կը մասնակցին նորաշէն եկեղեցւոյ շինութեան բարեզարդումին:
1931-ին եկեղեցւոյ մէջ կ՛ամփոփուի Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներու աճիւններէն մաս մը:
Այստեղ յարմար կը նկատեմ անդրադառնալ ամերիկահայ արձակագիր Համաստեղի 1928 – 1930 թ. դէպի Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելք շրջագայութեան գրառումներու մասին: Պատմութենէն յայտնի է, որ բազում մտաւորականներ անցած են այդ դժոխային ճանապարհէն ու ճաշակած դառնութիւնը այդ «Գողգոթային»:
1928-1930 թ. երկար ճամբորդութենէ ետք, Համաստեղ Ամերիկա կը վերադառնայ հարուստ տպաւորութիւններով: Պահպանուած նամակները, մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը կը վկայեն, որ Համաստեղ եղած Է նաեւ Տէր Զօր: «Ան աւազներու մէջ կը թաղէր ոսկորները ու թուէր որ Համաստեղն ու ոսկորները կը հասկընային զիրար: Իսկ երբ աւազներու մէջէն Համաստեղ մարդկային գանկ կը հանէ, կը մտածէ հետը տանիլ, բայց գանկը Ամերիկա չի հասնիր, Ամերիկա մտնելու արտօնութիւն չունենալուն եւ հայու գանկ մը ըլլալուն պատճառաւ: Գանկը կը մնայ Փարիզ», այս մասին կը վկայէ Տ. Սուրէն Ա. Քհնյ. Բաբախանեան:
1959-ին, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Ղեւոնդ Ս. Արք. Չէպէեանի կարգադրութեամբ եւ բարենպատակ ծրագիր մը իրագործելու առաջադրանքով, Հալէպի մէջ հանգանակութեան «կոչ» կ՛ուղղուի ի նպաստ Տէր Զօրի ապրիլեան նահատակներու յուշարձանի մը շինութեան ֆոնտին: Ի լուր սրբազան հօր կոչին, հաւատացեալ ժողովուրդը իր ազգային վարժարաններու ուսուցիչներով հանդերձ, սրտաբաց եւ յօժարակամ օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն:
1959-ին Սեպտեմբեր 6-ին, խորանաձեւ համեստ յուշարձան մը կը զետեղուի այդ աճիւններուն վրայ: Յուշարձանին պաշտօնական բացումը կը կատարուի 15 Նոյեմբեր 1959-ին:
Քանի մը տասնամեակ այս եկեղեցին կիսաքանդ եւ անխնամ կը մնայ:
Հակառակ բազում դժուարութիւններուն, հայ կեանքը Տէր Զօրի մէջ կը շարունակէր գոյատեւել:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէր Զօրի հայ ազգաբնակչութեան թուական պատկերը, 1932-1955 թ., Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւներէն քաղուած:
Տէր Զօր բնակչութիւն Տէր Զօր բնակչութիւն Տէր Զօր բնակչութիւն
1932 344 1940 525 1948 ***
1933 868 1941 514 1949 266
1934 455 1942 580 1950 271
1935 350 1943 625 1951 297 (300)
1936 433 1944 611 1952 305
1937 483 1945 255 1953 269
1938 477 1946 212 1954 255
1939 495 1947 251 1955 256
1969 թուական:
Անկիւնադարձային տարի:
Հանդիպում` բարերար Հայկազուն Գահուէճեանի եւ հայրենի ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի:
Հայկազուն Գահուէճեանի վկայութեամբ «Ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան, որպէս ուխտաւոր, իրեն եւ այլ երկու անձերու հետ Տէր Զօրի փոխարէն կ՛ուղեւորուին Մէսքէնէ: Անոնք կը հասնին նշեալ վայրը, ուր ներկաներուն մէջ կ՛արթննայ հոգեյոյզ տրամադրութիւն: Ճարտարապետի վարպետութեամբ ու արուեստագէտի երեւակայութեամբ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան խոռոչ խորան մը կը բանայ աւազէ պատին մէջ, խաչ մը փորագրելով` խորքին: Ապա ձեռքերը մաքրելով ճակատին քրտինքը կը սրբէ ու կը սկսի տեղադրել 17 մոմեր անապատի խորանին վրայ: Երբ ծունկի կու գայ Վարպետը Սուրբ Խորանին առջեւ, ընկերակիցները եւս կը հետեւին անոր եւ կը վառեն իրենց մոմերը»:
Շարունակելով Գահուէճեան կ՛ըսէ. «Յաճախ այցելած էի այդ վայրը, սակայն այս այցը ունեցաւ իր իւրայատուկ ներդրումը հոգիիս մէջ: Խոր յուզումի ու ճնշուածութեան պահեր ապրելէ ետք, հասայ եզրայանգման: Այդ վայրկեանէն ծնունդ առաւ գաղափարը` Տէր Զօրի մէջ կանգնեցնելու Յուշարձան-Համալիր մը, վայել բիւրաւոր մեր նահատակներու անթառամ յիշատակին: Որոշեցի գործի անցնիլ, ուժերս հաւաքելով երթ տալու համար մէջս արթնցած տեսիլքին»:
1970-ին, Գահուէճեան մտայղացում-առաջարկը կը ներկայացընէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջորդ Տ. Տաթեւ Սրբազան Արք. Սարգիսեանին: Սրբազանը իր կարգին կը փոխանցէ զայն Կալուածոց Յանձնախումբին: Սակայն ինչ-ինչ պատճառներով պրն. Հայկազունի դիմումը անպատասխան կը մնայ:
1980-ին, ան դարձեալ կը ներկայանայ իր առաջարկով Բերիոյ Հայոց Թեմի նորանշանակ Առաջնորդ Տ. Սուրէն Սրբազան Արք. Գաթարոյեանին եւ կը խոստանայ նիւթական օժանդակութիւն` տուեալ կառոյցի շինարարութեան յաջողութեան ի խնդիր: Սակայն դարձեալ` անպատասխան:
Ամէնեւին հետապնդուած եւ ազգօգուտ գործը անպայման պիտի իրականանար, որպէս քրիստոնէավայել եւ Աստուածահաճոյ արարք, հակառակ բոլոր արգելքներուն:
Երկարատեւ համբերութենէ ու սպասումէ ետք, կը հասնի այն օրը, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Սուրիա կ՛այցելէ: Պրն. Գահուէճեան յարմար առիթ նկատելով կը տեսակցի կաթողիկոսին հետ` ներկայացնելով համազգային տարողութիւն ունեցող առաջարկը, որ բաւական ժամանակէ ի վեր անպատասխան կը մնար: Վեհափառը յուզումով կը դիմաւորէ եւ իր օրհնութեամբ կը թելադրէ, որ անյապաղ գործի անցնին եւ Տէր Զօրի մէջ կանգնեցնեն Յուշարձան-Համալիրը:
Գահուէճեան կը փոխանցէ խոստացած նիւթական օժանդակութիւնը 26 Մարտ 1984-ին: Ազգային Իշխանութեան կողմէ տըւեալ կառոյցի նախագիծի պատրաստութեան համար մրցոյթ կը յայտարարուի նիւթական վարձատրութեամբ: Բազմաթիւ աշխատութիւններէն մրցանակի կ՛արժանանայ ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանին ներկայացուցած նախագիծը:
Այսպիսով, կը սկսի այս հրաշափառ գործին ընթացքը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը կը հետապնդէ շինարարական գործը: 31 Յունուար 1986-ին կ՛ընդունուի յուշահամալիրի նախագիծը քննական յանձնաժողովի մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէն ետք, եւ խորհրդակցութեամբ` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
Յուշահամալիրի շինարարական աշխատանքները կը սկսին 1 Դեկտեմբեր 1989-ին շինարարական յանձնախումբին հետ համատեղ գործակցութեամբ: Հին եկեղեցին հիմնովին կը քանդուի եւ կը գնուի կիցը գտնուած հողաշերտը 25 քռկ.մ. տարածութեամբ. այսպիսով հողամասին ընդհանուր տարածութիւնը կը դառնայ գրեթէ 875 քռկ.մ.:
1990 թ. երկրորդ կիսուն արդէն կանգնած էր Տէր Զօրի «Նահատակաց» յուշահամալիրը: 24 Նոյեմբեր 1990-ին Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կը մատուցուի, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ պաշտօնական բացում Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ:
Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծումը տեղի կ՛ունենայ 4-5 Մայիս 1991-ին:
Յուշահամալիրը իր մատուռով, նահատակներուն նուիրուած յուշասիւնով, շքամուտքով, «Խաչելութիւն» նախասրահով, «Նահատակութեան» սրահով, քարակերտ ութանկիւն յուշասիւնով, եւ իր խաչով ու խաչքարերով այցելող ուխտաւորին կը խօսի նահատակուած, բայց յարուցեալ ժողովուրդի մը պատմութեան, մշակոյթին, հոգեմտաւոր կերտուածքի մասին, որ դարեր շարունակ հաւատքի եւ լեզուի պահպանման համար մինչ օրս «ցեղի գոյատեւման» պայքար կը մղէ:
Եւ «լինելու-չլինելու» ճանապարհին, քարակերտ այդ յուշակոթողը իր նահատակ ժողովուրդի աճիւններով այսօ՛ր, իր կիսափուլ կառոյցով, իր վիրաւոր հոգիով նոր պայքար կը մղէ ու այդ պայքարով կը փորձէ գոյատեւելու նոր յոյս ներշնչել իր համասփիւռ հայորդիներուն:
Յիշատակդ անմոռաց, ո՛վ հայ նահատակ,
Դուն, որ քալեցիր պապերուդ ոտնահետքերով,
Դուն, որ խաղաղ կեանքդ գերադասեցիր մահով,
Դուն, որ սուրբ կեանքդ նուիրաբերեցիր հայրենիքիդ.
Լսէ՛ հեռուէն եկող նոր մանկան ճիչը,
Հաւատա՛ գալիքին ու նորաբաց գարունին:
Աղօթք, խունկ եւ մոմ քու սուրբ յիշատակին:
Անի Ֆիշենկճեան