image

Դամասկոս Կը Պատրաստուի Ազատագրել Հալէպը

Դամասկոս Կը Պատրաստուի Ազատագրել Հալէպը

Սուրիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Ալ-Հալագի յայտարարած է, որ Սուրիոյ ռազմական ուժերը եւ ռուսական  օդուժը կը պատրաստուին համատեղ ռազմական գործողութիւն իրականացնել՝ վերականգնելու համար Հալէպ քաղաքի վրայ վերահսկողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ Հալագի նաեւ յայտնած է, թէ Սուրիան «ռուսերու հետ միասին կը պատրաստուի  Հալէպի ազատագրման եւ հրադադարի համաձայնագիրին չմասնակցող կամ զայն խախտող բոլոր զինուած խումբերու դիմադրութեան գործին»:

«Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ Հալագին շաբաթ օր Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ խորհրդարանի պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպման յայտնած էռուսական-սուրիական ռազմական համագործակցութեան յաջողութեամբ պսակուելու մասին սուրիացիներու ունեցած լիարժէք վստահութեան մասին, աւելցնելով, որ այդ յաջողութիւնը ճամբայ պիտի բանայ յետագային դէպի Տէր Ալ-Զօր  շարժելու ուղղութեամբ:

Վարչապետը նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսաստանի ռազմաօդային ուժերու գործողութիւններուն շնորհիւ, զինեալներու կողմէ գրաւուած աւելի քան 500 սուրիական քաղաքի վերահսկողութիւնը վերականգնուած է: «Սուրիոյ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ ռուս ժողովրդի ցուցաբերած աջակցութիւնը, մասնաւորապէս նախագահ Վլատիմիր Փութինի որոշմամբ՝ ռուսական օդուժի ներկայացուցած օժանդակութիւնը սուրիական բանակին», նշած է Հալագին: