image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոս առանց «Ալ Նուսրա»ի ահաբեկիչներուն

Դամասկոս առանց «Ալ Նուսրա»ի ահաբեկիչներուն

Դամասկոսի հարաւային թաղամասերէն «Ալ Նուսրա»ի զինեալները արտաքսելու գործողութիւնները փաստացիօրէն աւարտած են, միաժամանակ նշելով, որ յիշեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներէն շատեր որոշած են շարունակել իրենց գործունէութիւնն ու միացած են «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման:

«Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, պաղեստինցի փախստականներու Ալ Եարմուք ճամբարէն 5 հանրակառքերով 200 զինեալներ իրենց ընտանիքներով արդէն դուրս բերուած են:

Յիշեցնենք, որ Ալ Եարմուք ճամբարէն զինեալները դուրս բերելու եւ Իտլիպ տեղափոխելու համաձայագիրի կէտերէն է նաեւ Քաֆարէա եւ Ֆաուհա շրջաններու շրջափակեալ բնակչութեան ազատագրումն ու տեղափոխումը Սուրիոյ բանակի օգնութեամբ եւ Ռուսիոյ օժանակութեամբ: