image

«Christian Science Monitor» պարբերականը ծաւալուն յօդուածով անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանին

«Christian Science Monitor» պարբերականը ծաւալուն յօդուածով անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանին

«Christian Science Monitor» միջազգային պարբերականը փետրուար ամսուան համարին մէջ անդրադարձած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ  Փաշինեանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, «Բանտէն՝ վարչապետ» խորագրով հրապարակումը կը սկսի 2008 թուականի մարտ 1-ի զարգացումներու նկարագրութեամբ: Պարբերականը կը ներկայացնէ այդ օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ կը նշէ, որ առաջնագիծին գտնուող քաղաքական գործիչներու շարքին էր Նիկոլ Փաշինեանը: Թեժացած իրավիճակի հետեւանքով մայրաքաղաքին մէջ 10 մարդ զոհուած է, որմէ ետք երկրի մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն, աշխոյժ քաղաքական գործիչները, այդ շարքին՝ Նիկոլ Փաշինեանը հետապնդման ենթարկուած են: Ան ստիպուած եղած է երկու տարի անցընել բանտի մէջ: 

Պարբերականը անդրադարձ կատարած է 2018 թուականի Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, երբ Նիկոլ Փաշինեանը, քայլերթը սկսելով Գիւմրիէն, հասած է մայրաքաղաք՝ փողոց դուրս բերելով հազարաւոր մարդոց: Անոնք դէմ կ'արտայայտուէին գործող իշխանութեանն ու այդ ժամանակ երկրի ղեկավար Սերժ Սարգսեանին:

«Այս փոքր երկիրը, որ կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ, իրականացուց խաղաղ յեղափոխութիւն: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները դիմեցին անհնազանդութեան, որուն հետեւանքով՝ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տուաւ՝ ընելով հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր, ես՝ սխալեցայ»,-նշած է պարբերականը: Յօդուածին մէջ նշուած է, որ հայաստանեան վերջին քաղաքական զարգացումները ցոյց տուին, որ յետխորհրդային տարածքին Հայաստանը այն երկիրներէն է, ուր ձեւաւորուեցաւ ժողովրդավարութեան նոր մոտել:

Լրագրող, յեղափոխական, ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը դարձաւ երկրի վարչապետ: Պարբերականը կը պատմէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ դառնալէն ետք ընտանիքով տեղափոխուած է կառավարական առանձնատուն եւ խոստացած է իր հայրենակիցներուն ըլլալ առաւել թափանցիկ: