image

CHP Կը Պահանջէ Անմիջական Օգնութիւններ Ուղարկել Ճիզրէ

CHP  Կը Պահանջէ  Անմիջական  Օգնութիւններ Ուղարկել Ճիզրէ

Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիյուզ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կոչ ըրած է, որ  սնունդ եւ  ապաստարան  տրուի այն մարդոց, որոնց տուները աւերուած են թրքական անվտանգութեան ուժերու եւ քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK)  զինեալներու միջեւ, երկրի հարաւ-արեւելեան Ճիզրէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով: Այս մասին կը փոխանցէ «Հիւրրիյէթ», նշելով, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական ​​կուսակցութեան (CHP) պատգամաւոր Սեզգին Թանրիքուլուն:   Ան, իր Ճիզրէ կատարած այցէն ետք խօսելով, ըսած է. «Սննդական օգնութիւն պէտք է տրամադրուի կարիքի մէջ եղողներուն, որոնց տուները այրած են, եւ այս օգնութիւնը պէտք է տրամադրուի այսօ՛ր»,  պահանջելով, որ թրքական իշխանութիւնները կացարան ապահովեն այն բնակիչներուն համար, որոնց տուները խիստ վնասուած, այրուած եւ թալանուած են, պարէտային ժամ յայտարարուելէն ամիսներ ետք: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ 14 դեկտեմբեր 2015-էն սկսեալ գործադրուող պարետային ժամը ներկայիս 2 մարտ 2016-էն սկսեալ կը շարունակուի կէս օրուան դրութեամբ: Կը հաղորդուի  նաեւ, որ Ճէզրէ շրջանի անկեալ վիճակին համար լայնածաւալ դիտարկումներ կատարելու եւ հանրութեան զեկոյց հրապարակելու նպատակով ընդդիմադիր կուսակցութիւնը առաջացուցած է օրէնսդիրներէ բաղկացած մարմին մը եւ ուղարկած բախման հետեւանքով տուժած քաղաքը: