«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ բեմադրիչ ՝ Յարութիւն Գնդունի.
-Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք Լիբանանի մէջ այսօր տիրող իրավիճակը եւ ի՞նչ են գլխաւոր պատճառները այս տագնապին:
Լիբանանը այնպիսի երկիր մըն է, որ ուրիշ երկրի հետ չի բաղդատուիր: Այստեղ իշխող, ըսենք, կուսակցապետերը եւ կրօնապետերը իւրաքանչիւրը իր շրջապատը ունի, իր իշխանութիւնը, իր «թագաւորութիւն»ը ունի, պատկերաւոր բացատրելու համար կրնամ ըսել երկիրը «թագաւորութիւններ»է կազմուած է եւ ամէն մէկ թագաւորութիւն հինէն եկած հզօր գերդաստաններէ կը բաղկանայ, որոնք հետեւորդներ ունին եւ այդ հետեւորդներուն կը գոհացնեն։ Եթէ այսօր փողոց իջած «յեղափոխականներ»ու կամ փոփոխութիւն պահանջողներու թիւը, ինչպէս կ'ըսուի, երկու միլիոն է, անդին 4 միլիոն կայ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի «թագաւորութեան» մը եւ չի կրնար իր ղեկավարը փոխել ոեւէ մէկ մարդու հետ, ըլլայ ան մասնագէտ կամ ոչ, որովհետեւ անոնք համոզուած են, որ եթէ այդ ղեկավարները հեռանան, երկիր «չըլլար», այս երկիրը այսպէս է, դժբախտաբար: Այլապէս, ամէնքս ալ կ'ուզենք, որ փոփոխութիւն մը ըլլայ, իշխանութեան գան այնպիսի մարդիկ , որոնք արդար են, գող չեն, փոխանակ գրպանը լեցնելու՝ ժողովուրդին հոգ կը տանին, բայց, ըստ իս, անիրականանալի բան մըն է այդ մէկը, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, այդ ղեկավարներէն իւրաքանչիւրը իր «թագաւորութիւն»ը հիմնած է ամէն տեսակէտով, թէ՛ զէնքով, թէ՛ գաղափարով մարդոց վրայ ազդած է. իմ կարծիքով դժուար թէ այդ մտայնութիւնը այդ «թագաւորական աստիճաններ»ը փոխուին: Ենթադրենք, որ փողոց իջած կամ յեղափոխութիւն ընող տղոցմէ ոմանք կամ մասնագէտներ ընտրուեցան, երբ որ անդին 4 միլիոն հոգի պիտի չհնազանդի իրենց, երկիրը պիտի չքալէ...: Իմ կարծիքովս, բան մը պիտի չփոխուի, բայց եթէ փոխուի, շատ ուրախ կ'ըլլամ:
-Հայութեան հետ կապուած, ի՞նչ են լիբանանահայութեան մտահոգութիւնները, ձեր կարծիքով:
Ըսեմ, որ Լիբանանի ապագան անորոշ է, մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ ապագայի հանդէպ վստահութիւն չկայ: 1975-էն, քաղաքացիական պատերազմէն մօտաւորապէս 40 եւ աւելի տարի անցած է, սակայն ոչ մէկ բան փոխուած է գաղութին մէջ: Հայութիւնը, անոնք որոնք Լիբանան մնացին, բաւական համբերեցին, նոր գործեր սկսան, նոր դպրոցներ, նոր ակումբներ բացին, բայց արդիւնք չտուաւ, ամէն 20-30 տարի անգամ մը գաղութը միշտ փլելու վտանգի առաջ է, այս մէկը ստիպեց, որ ժողովուրդը գաղթէ, մանաւանդ նոր սերունդը, որ աւելի հանգիստ կեանք կը փնտռէ, կ'ուզէ համալսարան աւարտելէ ետք աշխատանք ունենալ եւ այս բոլորը չի գտներ գաղութին մէջ:
Գիտենք, որ լիբանանահայութեան թիւը չափազանց, աներեւակայելիօրէն նուազած է, այդ մէկը յայտնի է դպրոցներէն, ակումբներէն, ժողովուրդ չէ մնացած, ես որպէս արուեստագէտ, թատրոնէն գիտեմ, առաջ եթէ բեմ կ'ելլէինք 8 -10 ելոյթով, հիմա արդէն 4-5 ելոյթ հազիւ կ'ունենանք, հանդիսատեսը եթէ առաջ 4-5 հազար էր, այսօր հասած է 1000-1500-ի, նոյնպէս դպրոցներու աշակերտութեան թիւերը, 400 աշակերտ ունեցող դպրոց մը այսօր 80-100 աշակերտ ունի, այս բոլորը կը վկայեն, որ հայութիւնը գաղթած է Լիբանանէն, եւ տակաւին այս խնդիրներէն յետոյ, վստահ որ մեծ թիւով գաղթողներ պիտի ըլլան:
Մշակոյթով, արուեստով հետաքրքրուող երիտասարդներ գրեթէ չկան, շատ քիչ են, գաղութը նոր գրողներ չի կրնար հասցնել, նոր արուեստագէտներ չկան, գիրք կարդացող երիտասարդներ չկան, եթէ կան՝ շատ քիչ են, թերթեր ընթերցողները նուազած են, քանի արդէն ելեկտրոնային թերթեր կան, նոյնիսկ ֆէյսպուքի վրայ մէկը եթէ լուր մը, յայտարարութիւն մը պիտի տայ, եթէ 4-5 տողէն աւելի եղաւ, մարդիկ չեն կարդար, կարելիին չափ ամփոփ, կտրուկ պիտի տրուի ամէն ինչ, անշուշտ կան մտաւորականներ եւ գրականութիւն սիրողներ, որոնք կը կարդան, բայց շատ քիչ է անոնց թիւը եւ մեզի համար այսօր նոր սերունդի խնդիրն է։
Այս բոլոր խնդիրները՝ թիւի նուազումը, գործի պակասը, Լիբանանի ապագաի անյայտութիւնը կը ստիպեն, որ մարդիկ գաղթեն, բայց ես շատ պիտի ուզէի, որ այդ գաղթողներուն, եթէ ոչ բոլորը, ապա գոնէ մեծ մասը հայրենիք գաղթէին, օտար ափեր երթալով, չեմ խորհիր, որ կը դիմանան, Լիբանանէն դուրս շատ շուտ կը ձուլուին:
-Մտահո՞գ էք լիբանանահայ գաղութի ապագայով, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:
Ինչ կը վերաբերի անձնապէս իմ մտահոգութեանս, որպէս թատրոնի գործիչ, ինծի պէս նաեւ մտաւորականներ, ղեկավարներ, ազգային գործիչներ, եկեղեցականներ, պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը թէկուզ նուազ հայութեամբ եւ գաղութը պիտի գոյատեւէ.Անշուշտ միշտ կապ պահելով հայրենիքին հետ, հոնկէ առնելով ուժ ու աւիւն եւ կարելի եղածին չափ օգտակար ըլլալով հայրենիքին եւ օգտուելով հայրենիքէն:
Լիբանանը նոյնիսկ եթէ լաւանայ, շատ քիչեր կը վերադառնան, որովհետեւ գացողները արդէն պիտի հաստատուին, իսկ եթէ քիչ մը առեւտուրը սկսի լաւանալ, շատեր կը ծախեն իրենց տունն ու տեղը ու կը հեռանան այս ափերէն: Բայց հոս մենք ունինք դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, թերթ, պիտի գոյատեւենք, պիտի շարունակենք, պիտի չյուսահատինք. մէկ կողմէն ուրախալի է, որ Հայաստան կը ներգաղթեն, միւս կողմէ տխուր է, որ այս տեսակ հզօր գաղութ մը փլուզուելու վտանգին առջեւ է։