Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանահայ գաղութի նուիրեալ ազգայիններէն, ՀՅԴ անդամ ՝Աւետիս Տօնիկեանը։
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Պէյրութէն։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը շաբաթ մը առաջ անցուցած է ուղեղային կաթուած որու հետեւանքով ալ մէկ շաբաթ մաքառելէ ետք կնքած է իր մահկանացուն։
Աւետիս Տօնիկեան կը պատկանի լիբանանահայութեան այն սերունդին, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ տարիներուն մնացած է պատնէշի վրայ։
Տօնիկեան եւ իր նմանները շնորհիւ իրենց նուիրուածութեան եւ կամեցողութեան կարողացած են կանգնուն պահել լիբանանի հայկական համայնքը, ճիշդ այն օրերուն երբ ամէն տեսակի պատուհասներէ կ՚անցնէր սփիւռքի սիրտ համարուող Պէյրութը։
Սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն էր Աւետիս Տօնիկեանը, բոլորին յայտնի ընկ. Աւօն, որուն շիջումով Պէյրութի «Նիկոլ Դուման» շրջանի ընկերներն ու մտերիմները հողին կը յանձնեն երախտարժան սերունդի մը արժանաւոր մէկ ներկայացուցիչը։