image

«Բարի գալուստ, փախստականներ» գրութեամբ պաստառ յայտնուած է Ազատութեան արձանին վրայ

«Բարի գալուստ, փախստականներ» գրութեամբ պաստառ յայտնուած է Ազատութեան արձանին վրայ

Միացեալ Նահանգներու խորհրդանիշներէն մեկու՝ Ազատութեան արձանի վրայ փախստականներուն ողջունող պաստառ փակցուած է՝ «Բարի գալուստ, փախստականներ» գրութեամբ: Այս մասին tert.am-ի համաձայն, կը նշէ nbcnewyork.com կայքը: Աւելի ուշ, Իրաւապահներ մի քանի մեթր բարձրութեամբ եւ լայնութեամբ պաստառը վար առած են արձանի պատուանդանէն, ԱՄՆ-ի մէջ՝ ազգային յուշարձաններուն վրայ որեւէ բան փակցնելը արգիլող օրէնքի համաձայն:

Արարքի պատասխանատուութիւնը ստանձնած անձը ըսած է, որ ինք եւս փախստականներու ժառանգ է: «Չկայ ամերիկացի մը, որ փախստականներու եւ ներգաղթեալներու հետ առնչութիւն չունենայ: Ուստի՝ այս խնդիրը կը վերաբերի բոլորին: Մենք կ'ուզէինք յիշեցնել Ամերիկային, որ ներգաղթեալներու կառուցած այս երկիրը աշխարհի մէջ ազատութեան փարոսն է: Տարբեր երկիրներէ ու կրօններէ մեկուսանալը կը հակասէ մեր արժէքներուն»,-ըսած է տղամարդը: