image

«Բարձր մակարդակով կը կատարենք մեր վրայ դրուած պարտականութիւնները» ԱԱԾ-ի պետ Արթուր Վանեցեան

«Բարձր մակարդակով կը կատարենք մեր վրայ դրուած պարտականութիւնները» ԱԱԾ-ի պետ Արթուր Վանեցեան

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը Shantnews-ին տուած հարցազրոյցին մէջ հաւաստիացուցած է, որ տեղին չեն այն դիտարկումները, թէ ԱԱԾ-ի հիմնական գործը հետախուզութիւնն ու հակահետախուզութիւնն է, բայց իրենք կը զբաղուին ցանկացած այլ գործով:

«ԱԱԾ-ն փակ կառոյց է, առհասարակ, երբեւիցէ ԱԱԾ-ն այդքան թափանցիկ չի եղել, ինչքան վերջին շրջանին է: ԱԱԾ աշխատանքներու մասին բոլորը ենթադրութիւններով են խօսել, որ սա արին, աս արին, ես ուզում եմ ձեզ հաւաստիացնել, որ ՀՀ ԱԱԾ-ն հիմնականում զբաղւում է հետախուզութեամբ եւ հակահետախուզութեամբ, ինչպէս նաեւ պայքարում է հնարաւոր ահաբեկչական գործողութիւնների դէմ, բայց դրանք այն գործառոյթներն են, որոնց մասին խօսել հնարաւոր չէ»,- ըսած է ան:

Վանեցեանի խօսքով՝ եթէ իրենք այսօր կը բացայայտեն օտարերկրեայ պետութեան  գործակալական ցանց եւ կը կատարեն համապատասխան աշխատանքներ, կամ ունին հետախոյզներ այլ երկրներու մէջ եւ կը ստանան լուրջ տեղեկութիւններ, իրենք այդ մասին չեն կրնար խօսիլ:

«Եթէ ինչ-որ մէկին թւում է՝ ես դրա մասին պէտք է յայտարարեմ, դա ուղղակի անհեթեթութեան է վերածւում: Այդ մասին առհասարակ լռում են, գնահատականը տալիս է երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը, որն ի պաշտօնէ տեղեկացուած է մեր կատարած աշխատանքներին, իսկ հասարակութիւնը գնահատական պէտք է տայ իր կենցաղով»,- ըսած է ան:

Ըստ անոր՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի, տնտեսական յանցագործութիւններու եւ այլ յանցագործութիւններու մասին, ի հարկէ, պէտք է խօսին, բայց կան գործառոյթներ, որոնց մասին չեն խօսիր: «Բայց հաւաստիացնում եմ, որ ԱԱԾ-ն բարձր մակարդակով կատարում է իր առջեւ դրուած խնդիրները, որոնք են հետախուզութիւնը եւ հակահետախուզութիւնը»,- ըսած է ան: