Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Թալիշի մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցած ազրպէյճանեան ձախող ներթափանցման փորձի ընթացքին սպաննուած է Ազրպէյճանական բանակի սպայ մը եւ անոր դիակը մնացած է մարտադաշտին վրայ: Նշենք, որ սպան կը կոչուի Վագիֆ Պայրամով եւ ան Ազրպէյճանի նավթալան շրջանէն է: