image

Ազրպէյճան Երէկ Հրադադարը Խախտած Է 50 Անգամ

Ազրպէյճան Երէկ Հրադադարը Խախտած Է 50  Անգամ

ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ ապրիլի 19-ի լոյս 20-ի գիշերը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան սահմանային գօտիի վրայ իրադրութիւնը մնացած է անփոփոխ:

Առաջնային գիծի վրայ հակառակորդը շարունակած է ոտնձգութիւններ ընել, տարբեր զինատեսակներ օգտագործելով աւելի քան 50 անգամ կրակ բացած եւ խախտած է հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը:

Միւս կողմէ հայկական կողմի ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները շարունակած են իրենց վերահսկողութիւնը մարտավարական իրադրութեան վրայ եւ իրականացուցած են իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: