image

Ազատ արձակուած է Երեւանի աւագանիի անդամ Դաւիթ Սանասարեանը

Ազատ արձակուած է Երեւանի աւագանիի անդամ Դաւիթ Սանասարեանը

Ազատ արձակուած է «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար, Երեւանի աւագանիի անդամ Դաւիթ Սանասարեանը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ան ըսած է, որ ինչպէս քաղաքական պատճառներով զինք կալանաւորեցին, այնպէս ալ քաղաքական որոշմամբ գրաւի դիմաց ազատ արձակեցին:
Նշենք, որ երէկ Վերաքննիչ քրէական դատարանը 1.5 միլիոն գրաւի դիմաց Դաւիթ Սանասարեանին ազատ արձակելու որոշում կայացուցած էր։

Դաւիթ Սանասարեանին մեղադրանք առաջադրուած էր ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն, որն է` զանգվածային անկարգութիւններ կազմակերպելը։