Ինչպէս նախօրօք հաղորդած էինք, այսօր ընթացք կ'առնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի Հալէպ կատարելիք պատմական այցելութիւնը:
Կը սպասուի, որ նախքան վաղը՝ 30 մարտին, տեղի ունենալիք Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգուած եկեղեցւոյ վերաօծումը եւ վերաբացումը, Վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունենայ գաղութային մարմիններու հետ, ինչպէս նաեւ ընդունի այցելութիւնը Հալէպ քաղաքի պետական եւ զինուորական պատասխանատուներուն:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմի ծաւալումէն ի վեր, այս երկրորդ այցն է, որ Վեհափառ հայրապետը կու տայ Հալէպ: Առաջին այցը ան կատարած էր 2016 յունուարին, ուր հանդիսապետած էր Սուրբ Ծննդեան արարողութեան եւ մեկնարկը տուած էր Հալէպի վերաշինութեան գործընթացին:
Նշենք, որ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ վերականգնողական աշխատանքներու ծաւալը ահռելի մեծ եղած է: Միջանցքը ամբողջովին կրկին կառուցուած է, որուն համար օգտագործուած է պահպանուած հին քարերը ու նորովի շարուած: Յայտնի է, որ փոխուած են եկեղեցւոյ դուռերն ու պատուհանները, նոր նստարաններ տեղադրուած են: Ամբողջութեամբ վերականգնուած է եկեղեցւոյ ճակատային մասը, աւարտին մօտեցած է նաեւ յարդարման աշխատանքները:
Յիշենք նաեւ, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները իրականացուած են Հալէպի հայ համայնքի անդամներու նուիրատւութիւններու շնորհիւ: Առնուազն 150 000 հաւատացեալ իր ներդրումը ունեցած է եկեղեցւոյ վերականգնման գործին մէջ: