image

Այսօր պիտի կայանայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթոնը

Այսօր պիտի կայանայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթոնը

Այսօր` 24 նոյեմբերին, պիտի մեկնարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթոնը, որ տեղի պիտի ունենայ «Իմ Արցախը» խորագիրով:

Համազգային դրամահաւաքի հանգանակութիւնները պիտի նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեանն ու պաշտպանութեան ուղղուած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատներու կառուցման: Պիտի շարունակուին նաեւ նպատակային յատկացումներով ծրագիրները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Հեռուստամարաթոնը պիտի մեկնարկէ Երեւանի ժամանակով 22:00-ին եւ 12-ժամեայ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի Հայաստանի Հանրային, Արմենիա, Շանթ եւ Երկիր Մետիա հեռուստաալիքներով, ինչպէս նաեւ առցանց` www.himnadram.org:

Ամենամեայ hեռուստամարաթոնի եթերով Հիմնադրամը կ՛ամփոփէ տարուայ ընթացքին իրագործուած եւ ընթացիկ ծրագիրները, կը յայտարարէ տեղական մարմիններու հաւաքագրած գումարները:

Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել` SMS ուղարկելով 8000 կարճ թիւին կամ զանգահարելով 090008000 (sms) զանգի արժէքն է 300 դրամ, այցելելով Հայփոստի որեւէ բաժանմունք կամ Հիմնադրամի գործադիր վարչութիւն, ինչպէս նաեւ դրատունէ փոխանցում կատարելով Հիմնադրամի` ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հաշուեհամարին 103003215672 (ՀՀ դրամ), 103003615673 (ԱՄՆ տոլար):

Նուիրատուութիւնները կ՛ընդունուին նաեւ առցանց` donate.himnadram.org:

Նշենք, որ «Իմ Արցախը» խորագիրը կրող «Հեռուստամարաթոն 2016»-ին ընդառաջ Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան այս օրերուն կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ: