image

Այսօր Նոր Գիւղի մէջ զոհուած Մովսէս Մովսէսեան պիտի պսակուէր Կիրակի օր

Այսօր Նոր Գիւղի մէջ զոհուած Մովսէս Մովսէսեան պիտի պսակուէր Կիրակի օր

Այսօր Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասի մէջ զոհուած Մովսէս Մովսէսեան կը ծրագրէր ամուսնանալ այս ամիս: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք որ այսօր անգամ մը եւս Հալէպ թիրախ դարձաւ ծանր հրթիռարձակումներու: Հրթիռներ ինկան յատկապէս Նոր Գիւղ թաղամասին վրայ, ուր տասնեակ վիրաւորներու կողքին զոհուեցան Մովսէս Միվսէսեան՝ 29 տարեկան, եւ Գասպար Շատոյեան՝ 30 տարեկան:

Նշենք որ Մովսէս Մովսէսեանի բնակարանը քանի մը օր առաջ եղած հրթիռարձակումներու ընթացքին փլատակուած էր: Ինչ կը վերաբերի Գասպար Շատոյեանի, ան եւս ամիսներ առաջ ամուսնացած էր եւ հայր էր նորածին զաւակի մը: