Ազգային հերոս Մոնթէ Մելգոնեան այսօր կը դառնար 58 տարեկան: Արցախեան գոյամարտին իր ներկայութիւնը ամրագրած հերոսը շատ կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ հայրենի ժողովուրդին համար պայծառ անուն մը: Իր բովանդակ կեանքը մեր ժողովուրդին նուիրաբերած Մոնթէն նուիրումի ամէնէն վեհ օրինակը տալով յաջողեցաւ ստեղծուած բոլոր արհեստական տարբերութիւնները վերացնել եւ իր գործով, ներկայութեամբ եւ նուիրումով ամենուրէք բացատրել, որ մեր ժողովուրդը ունի մէկ վախճանական նպատակ, որն է` Հայաստանը: Ու այդ նուիրումով ալ գործեց, խօսեցաւ, դաստիարակեց եւ կռուեցաւ: Առասպելատիպ կերպար է Մոնթէն, որուն համար կուսակցական, գաղափարական եւ ըմբռնումի տարբերութիւնները կարեւոր գործօններ չէին: Անոր գերխնդիրը Արցախի ազատագրումն էր եւ կը հաւատար, որ արցախեան յաղթանակով հայ ժողովուրդը պիտի շրջէ իր պարտութիւններու եւ անկումներու էջը եւ սկսի իր նոր յաղթարշաւը: Մոնթէ ապրեցաւ Արցախով, գործեց Արցախի համար եւ նահատակուեցաւ Արցախեան հողին վրայ: Ան մեր արդի պատմութեան ամէնէն լուսաւոր կերպարներէն է, անգերազանցելի, հանճարեղ եւ ճշմարիտ: