«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ արմատներով Մուսալեռցի, լիբանանահայ Յակոբ Այնթէպլեանը։
-Այս ցոյցերը եւ ցոյցերուն ետին կանգնող երիտասարդներն ու տարբեր խաւերը ձեզի յոյս մը կը ներշնչեն, որ կարելիութիւն կայ Լիբանանի տագնապը լուծելու։
Լիբանանցի երիտասարդներուն պոռթկումը արդար է եւ տեղին, բայց այն որ պիտի կարենան բան մը փոխել, կը կասկածիմ. Իրենց հիմնական նպատակներէն մէկը, ինչ որ շատ լսեցինք, Լիբանանի համայնքային դրուածքին ջնջումն է, բան մը, որ դժուար իրագործելի է խնդիր։
-Եթէ իրավիճակը այսպէս շարունակուի եւ քաղաքական լուծումներ երեւան չգան, ի՞նչ հունի կրնայ երթալ Լիբանանը:
Այս ցոյցերուն գլխաւոր բացականները կուսակցութիւններն են. Ճիշդ է կուսակցականներ ներկայ են, բայց շատ փոքր թիւ կը կազմեն. Դժբախտաբար, ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կամայ ակամայ տակաւին կախեալ է կուսակցութիւններէ եւ ցարդ կուսակցութիւններու երկարամեայ ղեկավարութեան փոփոխութեան կամ երիտասարդացման գործընթացը տեղքայլի մէջ է. Դժբախտաբար, այնպիսի հոգեբանութեան զարգացած է թէ՛ պետական, եւ թէ՛ կուսակցական ղեկավարութեան մօտ, որ եթէ ինք չըլլայ, ուրիշ մարդ այդ գործը չի կրնար կատարել....Ամենայնդէպս ես յոյս չունիմ, որ այս երկրին մէջ բան կը փոխուի..:
- Հայութիւնը մտահո՞գ է իրավիճակով եւ ի՞նչ են լիբանանահայութեան հիմնական դժուարութիւնները։
Լիբանանահայութիւնն ալ մէկ անբաժան մասնիկն է Լիբանանի ժողովուրդն։ Կայ նաեւ սփիւռքահայութեան սիրտը ըլլալու հանգամանքը. Մենք չենք կրնար ուրանալ այն բարիքները, որ վայելած ենք մայրիներու երկրին մէջ բայց վերջին հաշուով, երբ համոզուած ենք, որ վաղուայ օրը կը պատկանի երիտասարդութեան, եւ ցաւ ի սիրտ ե՛ւ առարկայական, ե՛ւ ենթակայական պայմանները ցարդ չեն նպաստած, որ Լիբանանի հայ երիտասարդութիւնը համոզուի, որ իր ապագան Լիբանանի մէջ է։ Դժբախտաբար Հայաստանի Անկախութենէն ետք ալ ներգաղթի շօշափելի ծրագրեր չտեսանք....
Գետնի վրայ եւ համընդհանուր նահանջի առումով իրականութիւնը մէկ բան կըսէ, իսկ մեր ղեկավարութիւնը այլ բան ... չեմ ալ հասկցած, որ իրավիճակը անպայման վարդագոյն տեսնելու մեր ղեկավարութեան հաստատամտութեան վերջը ինչ է. Բայց մէկ բան գիտեմ, որ իմ վերջը Հայաստան է...
-