Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օրը կը նշուի Ապրիլի վերջին շաբաթ օրը: 2019 թուականի 21 մարտին ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքի փոփոխութիւններուն, որոնց մէջ առաջարկուած է սահմանել Քաղաքացիի օրը՝ որպէս նոր տօն:
2019 թուականի 9 ապրիլին ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած է «Տօներու եւ յշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքի մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքը, որու հետեւանքով «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքի նոր 4.1 յօդուածը սահմանած է Քաղաքացիի օր տօնը: Համաձայն այդ յօդուածի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օրը կը նշուի ապրիլի վերջին շաբաթ օրը:
1 Մայիսը շաբաթ օրուան հետ համընկնելու պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օրը կը նշուի ապրիլի վերջին կիրակի օրը: