17, Մարտ 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան եւ փոխ նախագահ դոկտ. Աշոտ Ղազարեան, ընկերակցութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի պատասխանատու ներկայացուցիչներէն տիկին Անիթա Լիպարեանի: Հիւրերը ընդունուեցան Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի կազմի անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Գերյարգելի Հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի: Մեսրոպեանի Եսայեան սրահին մէջ կայացած աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմ հետաքրքրութեան բազմաթիւ հարցեր: Մասնաւորաբար, Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ առաջատար հաստատութիւն հանդիսացող Ամերիկեան համալսարանի ղեկավարները ներկայացուցին համալսարանի կարգավիճակին, կրթական ծրագիրներուն, ընդունելութեան եւ այնտեղ ուսանելու պայմաններուն մասին սպառիչ տեղեկատուութիւն: Իրենց հերթին, Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն տնօրէններն ու խորհուրդի նախագահը հիւրերը իրազեկեցին լիբանանահայ կրթական կեանքի խնդիրներուն, շեշտելով տեղեկատուութեան փոխանակման եւ գործակցութեան ընդլայնումին կարեւութիւնը ՝ Հայաստանի եւ լիբանանահայ կրթական կառոյցներուն միջեւ: