Ատանայի քրէական դատարանը Ֆեթհուլլա Կիւլէնը Թուրքիոյ քաղաքացիութենէ զրկելու վճիռ արձակած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Տողան» պարբերականը:
Աղբիւրի համաձայն, Դատարանը այդ առնչութեամբ միջանկեալ որոշում որդեգրած է եւ այդ մասին ծանուցում ուղարկած Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան: